Հայրենի Ըմբիշները Հանդիսացան Առաջին` Դանիոյ Միջազգային Մրցաշարքին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութենէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ըմբշամարտի տղոց հաւաքականը Դանիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի խմբային դասաւորման մէջ հանդիսացած է առաջին:
Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականը Դանիոյ մէջ մասնակցած է Ա. կարգի միջազգային մրցաշարքին, ուր իր ուժերը չափած է Հունգարիոյ, Գերմանիոյ, ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի, ինչպէս նաեւ տանտէրներուն դէմ:
Հայրենի ըմբիշները ընդամէնը նուաճած են եօթը մետալ եւ խմբային դասաւորման մէջ գրաւած առաջին դիրքը:
Ոսկի մետալի տիրացած են` Սասուն Ղամբարեան, Արթուր Շահինեան, Արթուր Ալեքսանեան (Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր), արծաթէ մետալի` Տիգրան Թորոսեան եւ Սարգիս Տոնոյեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր` Արամ Ջուլֆալակեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան:
Յառաջիկայ 3 փետրուարին հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը, որուն հրաւիրուած են ընդամէնը 24 ըմբիշներ: