Թուրք Երեսփոխան Մը Իր Կուսակից Երեսփոխանին Ցեղապաշտ Յայտարարութեան Պատճառով Կը Հրաժարի

Սալիհ Ֆըրաթ

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան անդամ, Ատըեամանէն ընտրուած երեսփոխան Սալիհ Ֆըրաթ յայտնեց, որ կը հրաժարի իր կուսակցութեան անդամակցութենէն` իր կուսակից եւ Իզմիրէն ընտրուած Պիրկիւլ Այման Կիւլերի չորեքշաբթի օր խորհրդարանին մէջ կատարած յայտարարութեան պատճառով:

Կիւլեր կասկածեալներու դատական նիստերու ընթացքին իրենք զիրենք իրենց մայրենի լեզուով պաշտպանելու արտօնութիւն տուող օրէնքի քննարկման ընթացքին յայտարարած էր, որ «քիւրտ ժողովուրդը թուրք ժողովուրդին հաւասար չի կրնար ըլլալ»` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ քրտական տագնապ գոյութիւն չունի»: Ան արժանացած էր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգային շարժում կուսակցութենէն երեսփոխաններու ծափողջոյններուն:

Կիւլեր իր յայտարարութեան պատճառով բազմաթիւ կուսակիցներէ եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու կողմէ քննադատութեան ենթարկուած է:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն Կալիփ Էնսարիօղլու յայտնեց, որ Կիւլերի յայտարարութիւնը «ծանր է» եւ զարմանք յայտնեց, որ ինքզինք ընկերվար-ժողովրդավարական նկատող ձախակողմեան կուսակցութեան մը կողմէ այսպիսի «ֆաշական» յայտարարութիւն մը կը հնչէ:

Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Ալթան Թան յայտնեց, որ Կիւլերի յայտարարութիւնը, ոչ միայն քիւրտ ժողովուրդին դէմ դաւաճանութիւն մըն է, այլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը բնակին:

Միւս կողմէ, Ազգային շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Մեհմեթ Շանտըր ըսաւ, որ Կիւլերի խօսքերը ցեղապաշտական չէին: «Անոնք, որոնք Իմրալը (ուր Օճալան բանտարկուած է. «Ա.») կ՛այցելեն եւ քրտական ինքնութիւնը կը ճանչնան. պէտք է ցեղապաշտութեամբ ամբաստանուին», ըսաւ ան:

Նշենք, որ խորհրդարանը որդեգրեց դատարաններու մէջ քրտերէնի օգտագործումը արտօնելու օրինագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )