«Բռնարարքի Իր Քաղաքականութիւնը Գործադրելու Նպատակով Իսրայէլ Կը Շահագործէ Սուրիոյ Կացութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ Իսրայէլ Սուրիոյ կացութիւնը կը շահագործէ` գործադրելու համար բռնարարքի իր քաղաքականութիւնը, առանց նկատի ունենալու միջազգային ուխտերը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլին մտայնութենէն շատ հեռու չեն նման իրականութիւններ: «Իսկ Իսրայէլի կողմէ մարդկային իրաւունքներուն յատուկ ՄԱԿ-ի նիստը պոյքոթի ենթարկելու քայլը կը փաստէ, թէ ան ոչ մէկ կապ ունի մարդկութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն հետ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Զահլէի երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց առկայ ընտրական օրինագիծերը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող եւ երկրին սահմանադրութեան համապատասխանող արդի ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխաններ Ամմար Հուրիի եւ Ամին Ուեհպէի հետ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:
Քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին հարցը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Ժան Օպէյտ եւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի: