Ճատրակ. Համաամերիկեան Խմբային Ախոյեանութիւն. Վարուժան Յակոբեան Միացեալ Նահանգներու Հետ Հանդիսացաւ Ախոյեան
Կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած համաամերիկեան ճատրակի 9-րդ խմբային ախոյեանութեան Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ հանդիսացած է ախոյեան:
Լուրը, որ կը փոխանցէ հայկական PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Յակոբեան իր մրցումները կատարած է երկրորդ եւ առաջին խաղատախտակներուն վրայ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 28 ճատրակ խաղացողներ:
Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ իրաւունք ստացան մասնակցելու 2013-ի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1-3 դեկտեմբերին` Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա):
CATEGORIES Մարզական


