Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Չինաստանի Դեսպանին
Լիբանանի Քոնկ ֆու- Ուու Շու-ի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանատուն եւ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղաւ դեսպանին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը եւ ֆետերասիոնի անդամ Ալպեր Նիկողոսեան, նախագահ Ժորժ Նասիր, ինչպէս նաեւ այլ անդամներ եւ չինացի մարզիչ Շեն Շաուեանկ:
Դեսպանը իր զօրակցութիւնը յայտնելով ֆետերասիոնին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի այս մարզաձեւը ժողովրդականութիւն վայելէ Լիբանանի տարածքին:
Աւարտին յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ դեսպանին` իբրեւ երախտագիտական մօտեցում ֆետերասիոնին միշտ նեցուկ կանգնելուն համար:
CATEGORIES Մարզական