«Հայաստան – Լիւքսամպուրկ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումը Ծիծաղելի Է» Կ՛ըսէ Football365.am

Անդրադառնալով յառաջիկայ 5 փետրուար 2013-ին Վալանսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունենալիք Հայաստան – Լիւքսամպուրկ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին` Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ հետեւեալը.

«Իսկապէս, այդ մրցումը կարելի է անուանել ծիծաղելի: Այդ մրցումը ի՞նչ պիտի տայ մեզի. գումարնե՞ր, վստահաբար ոչ: Միջազգային փորձառութի՞ւն. աւելի՛ մեծ ոչ:

«Մենք պատասխանը գիտենք. որովհետեւ ուրիշ այլ մրցակից չկայ: Այլ երկիրներ իրենց մրցակիցները կ՛ընտրեն ճշդուած ժամկէտէն շատ աւելի առաջ, մինչ մենք` մետասաներորդ պահուն:

«Բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ մենք Ազրպէյճանի կամ քարիւղ ունեցող երկիրներու նման չենք կրնար մրցակից ընտրելու համար գումարներ վճարել: Սակայն եթէ կարենանք հետեւողական աշխատանք տանիլ, կրնանք զօրաւոր մրցակիցներ ունենալ:

«6 փետրուարին տեղի պիտի ունենան` Սլովենիա – Պոսնիա, Լեհաստան – Ռումանիա, Նորվեկիա – Ուքրանիա եւ այլ ճակատումներ: Անոնք, իրարու ոչ մէկ գումար կը վճարեն. պարզապէս պայմանաւորուած են ժամանակէն առաջ:

«Պէտք է ընտրել այնպիսի մրցակից մը, որուն դէմ ճակատելով կարենանք գտնել մեր տկար եւ խոցելի կէտերը: Լիւքսամպուրկի դէմ կատարուելիք մրցումը ի՛նչ օգուտի պիտի ծառայէ:

«Յառաջիկայ 26 մարտին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի ճակատինք Չեխիոյ դէմ: Արդեօք Լիւքսամպուրկի դէմ մրցումէն ի՞նչ օգուտ պիտի կարենանք քաղել:

«22 մարտին նկատի ունենալով, որ Հայաստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցում չունի, չկայ նաեւ մրցակիցի մը անունը, որուն հետ կարելի ըլլայ բարեկամական մրցում կատարել: Նոյն օրը ազատ են նաեւ Իտալիա եւ Պիելոռուսիա: Իտալիա մրցում մը ունի կատարելիք Պրազիլի դէմ, մինչ Պիելոռուսիոյ դէմ նոր մրցում կատարած ենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES