«Հայրիկեանի Մահափորձը Կատարողները Նպատակ Ունեցած Են Ազդել Ընտրութիւններու Բնականոն Ընթացքին Վրայ» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց նախանցեալ երեկոյեան իրականացուած մահափորձի պատճառով վիրաւորուած նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանին:

«Այս զազրելի արարքը ուղղուած է ո՛չ միայն Պարոյր Հայրիկեան նախագահի թեկնածուին, ո՛չ միայն Պարոյր Հայրիկեան պետական գործիչին, այլ նաեւ մեր պետականութեան դէմ»,  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին մէջ Հայրիկեանի հետ տեսակցելէն ետք դիմելով լրագրողներուն ըսաւ հանրապետութեան նախագահը. «Յստակ է, որ անոնք, որոնք կանգնած են այս գործողութեան ետին, նպատակ ունեցած են ազդելու ընտրութիւններու բնականոն ընթացքին վրայ»:

Հայաստանի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ կարճ ժամանակի ընթացքին Պարոյր Հայրիկեան պիտի ապաքինի: Ան նաեւ յայտարարեց, որ իրաւապահ մարմինները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի բացայայտեն մեղաւորները:

«Բոլորէն կը խնդրեմ, որ Պարոյրին առողջութիւն մաղթեն»,  եզրափակեց նախագահը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն  հարցումին, թէ արդեօք ընտրութիւնները պիտի յետաձգուի՞ն, Սերժ Սարգսեան անպատասխան մնաց:

Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին Պարոյր Հայրիկեան յայտնեց, որ կայ ընտրութիւնները յետաձգելու երկու տարբերակ:

Ըստ Հայրիկեանի, «առաջինը` 15 օր, հարկադրուած եմ ատիկա ընել, որովհետեւ ի վիճակի չեմ: Միւսը` նոր ընտրութիւններ կազմակերպել եւս 40 օր ետք: Ես պիտի աշխատիմ, որ այդ 40 օրը եւս չըլլայ, որովհետեւ ես ալ կը մտածեմ այն բանին մասին, որ հոլովոյթի մը մէջ ենք, աւարտին հասցնենք»,  ըսաւ Հայրիկեան:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման ղեկավար Պարոյր Հայրիկեանի հետ տեղի ունեցած դէպքին առիթով:

«Մարդկայնօրէն կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը իրեն, իսկ իրաւապահ մարմիններէն կ՛ակնկալենք առաւելագոյնը արագ եւ արդիւնաւէտ քննութեան իրականացում», ըսուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Տիգրան Ուրիխանեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Հաաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա շատ լուրջ միջադէպ նկատեց Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման ղեկավար Պարոյր Հայրիկեանի նկատմամբ կատարուած յարձակումը:

«Ընտրութիւններու նախաշեմին ասիկա շատ լուրջ դէպք է: Ես ատիկա իբրեւ մահափորձ չէի որակեր, կը կարծեմ, որ նախ անհրաժեշտ քննել մանրամասնութիւնները: Վստահ եմ, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները շատ արագ պիտի պարզեն իրավիճակը եւ պիտի գտնեն մեղաւորները»,  ըսաւ Պորտիւժա:

ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի  տնօրէնը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձին առնչութեամբ:

Երէկ տարածուած յայտարարութեան մէջ դեսպան Եանեշ Լենարչիչը կը նշէ. «Այս յարձակումը խորապէս մտահոգիչ է, եւ ես կոչ կ՛ուղղեմ ընտրութիւններուն մասնակից բոլոր ուժերուն զերծ մնալու որեւէ քայլէ, որ կրնայ աւելի սրել իրավիճակը: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք համապատասխան մարմիններուն ջանադրաբար հետաքննելու այս արարքը եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները»:

Լենարչիչ նաեւ աւելցուց, որ շահագրգռուած բոլոր ուժերը պէտք է երաշխաւորեն, որ ընտրական հոլովոյթը մնայ խաղաղ:

Յայտնենք, որ Հայրիկեանի դէմ Երեւանի Տպագրիչներու փողոցին մէջ իրականացուած մահափորձին առնչութեամբ յարուցուեցաւ քրէական գործ` Քրէական օրէնսգիրքի 34-305 յօդուածին յատկանիշներով` «պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի սպանութեան փորձ»:

Այս մասին դէպքի վայրին մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան:

Քրէական գործը կը վարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան պետ Ներսէս Նազարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ նախագահութեան թեկնածուներու արձանագրութենէն ետք իրենք բոլորին առաջարկած էին օգտուիլ ոստիկանութեան թիկնապահական ծառայութենէն, սակայն մերժում ստացած էին: Նազարեան աւելցուց, որ հաշուի առնելով Հայրիկեանի դէմ մահափորձը, ոստիկանութիւնը կրկին պիտի դիմէ նախագահի թեկնածուներուն` առաջարկելով օգտուիլ իրենց ծառայութիւններէն:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանի նկատմամբ մահափորձի գործով քննչական խումբի ղեկավար նշանակուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետ Մնացական Մարուքեան:

Նշենք, որ Հայաստանի քրէական օրենսգիրքի 34-305 յօդուածի յատկանիշներով` «պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի սպանութեան փորձ» յարուցուած գործը կը վարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Երէկ մահափորձի ենթարկուած նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանին այցելեց ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ զրուցեց անոր հետ:

Ընդհանուր դատախազութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ Հայրիկեան զրոյցին ժամանակ գլխաւոր դատախազին նկարագրեց դէպքին մանրամասնութիւնները:

«Հաշուի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը` կը տեղեկացնենք, որ Պարոյր Հայրիկեանին ապօրինաբար կեանքէ զրկելու փորձ կատարելու դէպքին առիթով 1 փետրուար 2013-ին յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւնը կ՛իրականացնէ  Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան` Հայաստանի ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ քննուող գործերով վարչութիւնը: Միաժամանակ ընդհանուր դատախազը գրաւոր ցուցմունք տուած է ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան փորձառու քննիչներուն միացեալ քննչական խումբ կազմելու վերաբերեալ` նկատի ունենալով, որ քրէական գործը որոշակի բարդութիւն կը ներկայացնէ եւ անհրաժեշտ է կատարել անյետաձգելի մեծածաւալ քննչական գործողութիւններ, որոնք օրէնքով սահմանուած ժամկէտին մէջ բազմակողմանի եւ լրիւ ծաւալով արդիւնաւէտ պիտի իրականացուի քննչական խումբին միջոցով: Քրէական գործի նախաքննութեան կատարումը յանձնարարուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան: Մշակուած են քանի մը աշխատանքային վարկածներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը քննչական  խումբին կողմէ կը ստուգուի», կը տեղեկացնէ դատախազութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 11 years

    «Նպատակ են ունեցել ազդել ընտրությունների բնականոն ընթացքի վրա»

    Այո, աննպատակ չէր կատարուածը. Նպատակ ունեցող մը կայ. Իմ առաջին վերագրումս որ ներկայացուցի երեկուայ գրութեանս մէջ, այն էր՝ հայութենէն դուրս կազմակերպուած ոճիր մը.
    Ոճիր մը, որ քաղաքական փոփոխութիւն մը կանխելու նպատակէն շատ աւելի՝ կասկածելի է Թշնամին որ մեր բոլոր սահմաններուն վրայ չի դադրիր ամէնորեայ ռմբակոծումներէ, եւ փորձել ներթափանցելէ.
    Այո, Առաջին կասկածելին կրնայ ըլլալ թշնամին՝ քոչուոր թուրք-ազերին որ՝ նպատակ ունենալով՝ ստեղծել Հայաստանի մէջ քաղաքացիական տակնուվրայութիւն, եւ այս պայմաններու տակ հաւանաբր պատերազմի ձեռնարկում՝ որ Ալիեւ չի դադրիր յայտարարելէ՝ ամէն առիթով.

    Մեր կասկածները, ենթաթրութիւնները կրնանք ընել.
    Բայց՝ ամէնէն կարեւորը մեր ապահովութեան ոստիկանութեան հետապնդումն է.

    Մինչ այդ, մենք՝ բոլորս՝ պէտք զգոյշ ըլլանք մեր կասկածները ամբողջութեամբ արտայայտելէ.

    Նկատի պէտք է ունենանք,

    Ամէն կասկած չսուիր
    Ամէն կասկած ամէն տեղ չսուիր
    Ամէն կասկած ամէն մարդու չսուիր

    Այս պէտք է ըլլայ մեր ուշիմութիւնը. Ձքենք ապահովութեան ոստիկանութեան ամէն յստակացում. Որպէսզի անբուժելի սխալ բաներ չսենք.

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )