50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 11 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱՑՈՂՆԵՐԸ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ
«Հայրենիք»ի թղթակիցը հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է քանի մը շաբաթ առաջ Պէյրութէն Հայաստան գացած ճամբորդներուն մասին.
Երեք շաբաթ առաջ Պէյրութէն խումբ մը «հայաստանասէրներ» գացին Հայաստան: Մոսկուայի մէջ անոնք կ՛ենթարկուին խիստ խուզարկութեան, երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ առաւօտեան 6:00-ը: Կը մերկացնեն այր թէ կին, ապա կը կոտրեն կօշիկներու կրունկները, կը պատռտեն պայուսակները եւ մէկ անձի մօտէն կը հանեն 2500 դեղին ոսկի: Ծանօթ կնոջ մը մօտէն կը հանեն 250 ոսկի, ուրիշներու մօտէն 100, 50, 25 եւ այլն: Ընդհանուր գումարը կը հասնի 8000 ոսկիի: «Հայաստանասէր»ներէն երեք հոգիի թոյլ չի տրուիր, որ շարունակեն իրենց ճամբան եւ կը վերադարձուին: Այս մարդիկը ոսկի դրամ կը տանին հետերնին, Հայաստանէն դուրս բերելու համար ադամանդ, փլաթին եւ այլ թանկագին քարեր: Ներածական-առեւտրական ձեռնարկ: Մէկ երկու եպիսկոպոսներ բաւական դրամ շինեցին, բայց Կարմիր իշխանութիւնները վերջապէս հասկցան, թէ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ):
ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ լոյս տեսած են: Գեղամ Սարեանի «Երկերի ժողովածու»ին երկրորդ հատորը, 408 էջ, տպաքանակ` հինգ հազար: «Ժամանակակիցներն Կոմիտասի մասին», յուշեր եւ յօդուածներ, 350 էջ, տպաքանակ` 10,000: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Տաղեր»ը, երկու հարիւր էջ, տպաքանակ` 10,000: Մենագրութիւն մը Վահան Թոթովենցի մասին` Սեւակ Արզումանեանի կողմէ, 312 էջ, տպաքանակ` երեք հազար: Սարմենի «Բանաստեղծի աղբիւրը», 503 էջ, տպաքանակ` հինգ հազար:
ԵՐԵՒԱՆԻ մէջ ապրիլ 13-ին տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պարախաղին ներկայացումը: Պարախաղը առաջին անգամ ներկայացուած էր Լենինկրատ, ապա` յաջորդաբար Խ. Միութեան այլ քաղաքներու թատրոններուն մէջ: Երեւանի ներկայացումը եղած է շատ յաջող, հայ դերակատարները իրենց շնորհալի պարերով յաջող կերպով գործադրած են այդ հիանալի պարախաղը: «Ես անսահման երջանիկ կը լինեմ, եթէ «Սպարտակ» պալեն ու նրա երաժշտութիւնը դուր գան հայրենակիցներիս», գրած էր Արամ Խաչատուրեան: Հետեւելով Երեւանի ներկայացումին` կարելի է ըսել անվարան. «Դուր եկաւ»:
«ԱՀՐԱՄ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑԸ Ա. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՒԱԾ Է ՄԷԿ ԺԱՄ
«Ահրամ»ի թղթակիցը մէկ ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցած է Արամ Խաչատուրեանի հետ: Ստորեւ կու տանք կարեւոր մասերը.
Խաչատուրեանի Բ. սեմֆոնին, որ պիտի նուագուի նախագահ Ապտել Նասըրի եւ իր հիւրին` նախագահ Թիթոյի համար, կը վերջանայ յաղթական վերադարձով մը դէպի մայր հայրենիք:
Այս գործին մէջ Խաչատուրեան կ՛օգտագործէ ժողովրդական երգերու ոճն ու թեմաները: Սեմֆոնին կը ներկայացնէ փոթորիկը, որ տարածուեցաւ Եւրոպայի վրայ եւ վերջացաւ խաղաղութեան յաղթանակով:
Մէկ ժամ անցուցի համաշխարհային համբաւի տիրացած երգահանին հետ, որուն նուագը լսելու առիթը ունեցան գահիրեցիք` «Պոլշոյ» այցելութեան ընթացքին` «Կովկասի բանտարկեալ»ով եւ «Թաթարներու պար»ով:
Ռուսերէն կը խօսէր, որովհետեւ հայերէնէն զատ ուրիշ լեզու չի գիտեր. իր խօսքերը կը թարգմանուէին անգլերէնի: Կը խօսէր շատ պարզ ոճով, կարծես համբաւաւոր երգահանի մը առջեւ չըլլայի:
Մեծ երգահանը պարզօրէն յայտնեց, թէ իր հայրը կազմարար էր ընտանիքը` օրուան հացի կարօտ, թէ` երգահաններու ընտանիք մը չէր իրենցը: Նուագել սորված է ո՛չ թէ տան մէջ, այլ` կեանքի մէջ:
Նախ մտած է Մոսկուայի երաժշտանոցը` հետեւելու համար դաշնաւորումի դասընթացքներուն: Հոն կը հանդիպի Մակրովայի, որ իր ընկերուհին եւ բարեկամուհին էր միանգամայն, եւ որ հետագային դարձաւ իր կինը: Մակրովա իր ամուսնոյն հետ այժմ Գահիրէ կը գտնուի:
Եկաւ նաեւ կինը` արուեստագիտուհի Մակրովա: Խաչատուրեան ոտքի ելաւ, ընդառաջ գնաց անոր, ճակատէն համբուրեց եւ կողքին տեղ տալով` շարունակեց.
– Մեր օրերուն մեծ է մտաւորականներուն պատասխանատուութիւնը. հին մարդը չէր մտածեր այնպէս, ինչպէս այժմու մարդը… մեծ պատասխանատուութիւն կը ծանրանայ մեր ուսերուն` հանդէպ անհատներուն եւ ժողովուրդներուն:
Նշանաւոր երգահաններու մասի՞ն կը հարցնէք: Կը սիրեմ բոլորը. Պախէն սկսեալ մինչեւ Քորչաքով եւ Չայքովսքի:
Ան, որ յօրինեց «Հազար ու մէկ գիշերներ»ը, իրական հանճար մըն էր, անծանօթ անուն մը, եւ սակայն` հանճար մը: Եւ կ՛ենթադրեմ, որ իր պատմութիւնները կրնան առատ նիւթ հայթայթել պալէի համար:
– Կը սիրեմ Թոլսթոյը ու Շոլոխովը: Հեմինկուէյը բարեկամ մըն է, որուն հետ հանդիպումներ ունեցած եմ Քուպայի մէջ:
– Կ՛ենթադրեմ եւ կը յուսամ, որ նուագս կը հասնի միլիոններու սրտին,- ըսաւ Խաչատուրեան,- նուագս, որուն համար ամերիկացիները, անձրեւին տակ, մայթերու վրայ, երկար սպասեցին` կարենալ իրենց տոմսերը ապահովելու համար:
Խաչատուրեանի պարզութիւնը խորապէս տպաւորեց զիս: