Ռուսիա Կ՛ողջունէ Քերրիի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Նշանակումը. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չհրաժարին Ամբողջ Աշխարհի Մէջ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգի Տարրերու Տեղակայումէն» Կ՛ըսէ Հէյկըլ

Չաք Հէյկըլ

«Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա ողջունած է Ճոն Քերրիի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակումը` նշելով, որ ատիկա կրնայ բարելաւել Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները:

«Մենք Քերրիի հետ կառուցողական համագործակցութեան յոյս ունինք: Ճոն Քերրին յայտնի քաղաքական դէմք է, որ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերուն մէջ աշխատանքային հարուստ փորձառութիւն եւ գիտելիքներ ունի: Ուստի, մենք վստահ ենք, որ անոր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակումը պիտի նպաստէ երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու աշխուժ եւ դրական զարգացման», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտական եւ պաշտպանութեան նախարարի թեկնածու Չաք Հէյկըլ երէկ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն նախագծել եւ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղակայել իրենց հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տարրերը:

«Միացեալ Նահանգներ մտադիր են շարունակել նախագծել եւ արտասահմանի մէջ տեղակայել հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը… Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար համաձայնիլ իրենց հակահրթիռային պաշտպանութեան սահմանափակման կամ համակարգի վերաբերեալ տեղեկութիւններ տրամադրելուն, ինչ որ կրնայ մեր համակարգը վտանգի տակ դնել», կ՛ըսուի Հէյկըլի յայտարարութեան մէջ:

Նախկին ծերակուտականը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստեղծուող հակահրթիռային համակարգը բացառապէս Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )