Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Միացեալ Նահանգներ Կը Մեկնի` Քննարկելու Համար Միջին Արեւելքի Ապահովական Կացութիւնը
Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց երէկ Իսրայէլէն Միացեալ Նահանգներ մեկնած է` ամերիկացի զինուորական եւ ապահովական պատասխանատուներու հետ քննարկելու համար Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կացութիւնը` նշելով, որ Կանց հնգօրեայ այցելութեան ընթացքին ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մայքըլ Տեմփսիի հիւրը պիտի ըլլայ:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Կանց այցելութեան ընթացքին ամերիկացի զինուորական եւ ապահովական շարք մը պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ ապահովական հասարակաց մարտահրաւէրները, Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային ապահովական կացութեան պատկերը եւ Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ զինուորական համագործակցութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային

