Հայրիկեանի Դէմ Մահափորձը Անհանգստացուցած Է Միացեալ Նահանգները
Միացեալ Նահանգները անհանգստացած են Հայաստանի նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձով: Այս մասին, ըստ News.am-ի, 1 փետրուարին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ:
«Մենք, անկասկած, կը դատապարտենք Հայաստանի նախագահի թեկնածուին դէմ բռնութիւնը: Ըստ մեր տեղեկութեան, ներկայիս Հայրիկեանի վիճակը կայուն է եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը խոստանայ ամբողջութեամբ հետաքննել տեղի ունեցածը», ըսած է Նուլընտ:
Մեկնաբանելով 18 փետրուարին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնները յետաձգելու կարելիութիւնը` Նուլընտ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան, որպէսզի ամէն բան տեղի ունենայ Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխան եւ որպէսզի քարոզարշաւին ընթացքին եւ ընտրութիւններու ժամանակ լիարժէքօրէն ապահովուին բոլոր թեկնածուներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Պարոյր Հայրիկեանի վրայ կրակած էին 31 յունուարի երեկոյեան` իր տան դիմաց:

