Թուրքը Գնաց Յատակին

ԴՊԻՐ

1 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ կռփամարտի անուանի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու նախկին ախոյեան Վլատիմիր Ենգիպարեանը:

Կռփամարտիկին անուան առնչուած խորհրդանշական դրուագի մը վերաթարմացման նպատակով ստորեւ կը հրատարակենք «Բագին»-ի ապրիլ 1975-ի թիւին մէջ Ենգիպարեանի վերաբերող գրութիւնը:

Ժողովուրդներու առօրեային մէջ ամէնէն աւելի տեղ գտնողները, գիտենք, վերջին տարիներուն աւելի շատ գիտցանք, ձեռքի եւ ոտքի արժանիքներ ունեցող աստղեր են, մարզադաշտերու եւ րինկերու վրայ արշաւող ու խոյացող ախոյեանները, որոնք, սակայն, նոյն բազմութիւններուն յիշողութեան մէջ աստղային փայլեր ձգելու փոխարէն` ասուպային արագութեամբ մը կը խամրին ու կը վերջանան:

Արագ փայլփլումներէ ետք յանկարծ շիջելու այս ճակատագրէն քիչերը միայն կրցած են ազատուիլ եւ այդ քիչերուն մէջ կը գտնուի անպայման վաթսունական թուականներու կռփամարտի հայրենի ախոյեան Ենգիպարեանը, որ միայն ֆիզիքական իր ուժին վստահելով բեմ չէր բարձրանար, այլ շահուելիք յաղթանակներուն համար կը հաւատար նաեւ ոգեկան ուժերու մասնակցութեան, կը դիմէր իր երակներուն մէջ վազող արիւնին պատմութեան կուտակած ուժերուն եւ ապա կու տար վճռական հարուածները:

Քովի սիւնակին վրայ Ենգիպարեան ինք պատմած է իր ներշնչումներէն մէկուն պատմութիւնը, զոր առած ենք «Նայիրի» շաբաթաթերթին (1960) մէջ Դպիր ստորագրութեամբ երեւցած գրութենէն:

Այդ տողերուն ծանօթանալէ ետք ընթերցողը Ենգիպարեանի տարած յաղթանակներուն թիւին հետ ու թիւէ՛ն աւելի պիտի յիշէ անոր թեւաւոր «աղօթքը», որուն ներշնչած զօրութեամբ «Թուրքը գնաց յատակին»...

Հիմա բոլորս ալ շրջանակ կազմած էինք սրբազանին եւ Ենգիպարեանին շուրջ, նոյնիսկ ալպանացիները, որոնք մեծ բան մը չէին հասկնար անշուշտ խօսուածներէն, բայց հիացումով կը դիտէին իրենց վարպետը: Ենգիպարեան կը շարունակէր.

– Մասնակցել եմ 35 մրցումների, բայց դրանից անմոռանալին Պերլինի հանդիպումն էր: Մինչեւ մահ, չեմ մոռանայ այդ օրը: Իմ մրցորդը Թուրքիայի ախոյեանն էր լինելու: Նորից փակեցի աչքերս մի պահ, եւ ասում էի մտովի. «Աստուա՛ծ, դու ինձ ամօթով չձգես էս անգամին: Թուրքերը հինգ հարիւր տարի իրենց ոտքի տակ տրորել են իմ ժողովուրդն ու հայրենիքը: Դու ինձ շնորհք եւ ուժ տուր, որ սրան տապալեմ: Միլիոնաւոր հայ ժողովուրդ է սպաննուել սրանց ձեռքից. ես մէկ հատիկ թուրք իսկ չեմ ուզում սպաննել, բայց կ՛ուզենայի սրան ցոյց տալ, թէ ինչ է հայի բռունցքը, եւ թէ ուզենանք մենք էլ կարող ենք խփել… Էս անգամին յաղթեմ, հոգ չէ վաղն իսկ դադրիմ ախոյեան լինելուց… Միայն թէ սրան…»:

Կարծես դարձեալ Պերլինի խաղաբեմի վրայ էր. ձեռքին մէկը բռունցք շինած` կը հարուածէր միւս ափը, կրկնելով.

– Խփում էի եւ ասում. «Այս առաջինը Հայկ նահապետի հոգուն. սա Արամի, Մեծն Տիգրանի, Արտաշէսի, Տրդատի, Վարդանի, Ռուբէնի եւ Լեւոնի հաշուին»: Նրանք մարտակից էին ինձ,  հաւատացէք: Խաղը մի քիչ երկար տեւեց, բայց իմ վճռական հարուածը պահել էի ետքի, եւ նրանով թուրքը գնաց յատակին:

– Այդ մէ՞կը որուն անունով էր,- Հարցուց սրբազանը ժպտելով:

Ենգիպարեան զարմացած նայեցաւ անոր, եւ ինք ալ սկսաւ խնդալ` ըսելով.

– Բա, սրբազան, նման հարուած ո՞վ կարող է տալ… Ի հարկէ՛ ես չէի: Դա… Սասունցի Դաւիթն էր, որ խփեց իմ հաշուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES