Յիշեցման Կարգով. Սարգիս Թորոսեանի Յուշերը Յերիւրածո՞յ Էին, Թէ Ոչ

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Հիւրրիէյթ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութիւն մը անգամ մը եւս օրակարգի բերաւ հարց մը, որ աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր կռուախնձոր դարձած է երկու ակադեմականներու միջեւ, եւ որուն աւելի վերջ միացան երկու ուրիշ ակադեմականներ ալ: Չորս ակադեմականներ` Այհան Ագթար, Հալիլ Պերքթայ, Թաներ Ագչամ եւ Հաքան Էրտեմ իրարու դէմ ծանր ու նախատինքներով լեցուն բանավէճ  կը մղեն օսմանեան շրջանի բանակի  հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեանի մը մասին, որուն յուշերը հրատարակուած էին, եւ որ Չանագգալէի  (Կալլիփալիի) պատերազմի հերոսներէն մէկը նկատուելով հանդերձ, աւելի վերջ օսմանեան բանակին դէմ դարձած էր, որովհետեւ հակառակ իր հերոսութեան` իր ընտանիքը զերծ չէր մնացած 1915-ի հալածանքներէն (Թորոսեանի յուշերուն աւելի առաջ մենք ալ արձագանգած էինք):

Հաքան Էրտեմ                                                   Հալիլ Պերքթայ                                  Այհան Ագթար

 

 

 

 

 

 

 

Բանավէճը սկսաւ երբ 2,5 տարի առաջ «Թարաֆ» թերթին մէջ Այհան Ագթար անդրադարձաւ հարիւրապետ Թորոսեանի յուշերուն: Ան Ամերիկայի մէջ պատահմամբ կարդացած էր Թորոսեանի յուշերը ու շատ տպաւորուած էր, այնուհետեւ սկսած էր հետաքրքրուիլ այս անձին պատմութեամբ: 18 մարտ 1915-ին Սարգիս Թորոսեանի հրամանատարութեան տակ գործող զինուորական միաւորները Չանագգալէի մէջ ընկղմած էին թշնամիին նաւերէն մէկը ու անկէ ետք պատերազմին ընթացքը  փոխուած էր:

Այհան Ագթարի կողմէ Սարգիս Թորոսեանի ի նպաստ գրուած յօդուածին պատասխանը եկաւ Հալիլ Պերքթայէն, որ նոյն թերթին մէջ բողոքեց Ագթարին` ըսելով որ այս պատմութիւնը կը դպչի իր մերձաւորներուն ալ: Պերքթայ պնդեց, թէ 18 մարտին որեւէ նաւ ընկղմած չէ, եւ Թորոսեանի յուշերը յերիւրածոյ յուշեր են: Ագթար պատասխանեց` հրատարակելով օսմանեան փաստաթուղթ մը եւ պնդեց, որ Հալիլ Պերքթայ սեղանի առջեւ նստելով` պատմագրութիւն կը կատարէ: Սպակոյտի նախագահութիւնն ալ հրապարակեց, որ թէեւ երկու Սարգիսներ գտնուած են բանակին մէջ, բայց անոնք պաշտօնավարած չեն Չանագգալէի այդ զինուորական միութեան մէջ:

Երկու տարի վերջ Թորոսեանին խնդիրը կրկին հրահրուեցաւ ու Հալիլ Պերքթայ իրերայաջորդ կերպով 13 սիւնակներ գրեց այս մասին եւ, ի մէջ այլոց, անդրադարձաւ նաեւ իր մեծ հօր` հրամանատար Հալիլ Նամըք պէյի յուշերուն, մէկը, որ նմանապէս պաշտօնավարած է եղեր Չանագգալէի պատերազմի ընթացքին: Պերքթայ նախատական ոճ ալ գործածեց Այհան Ագթարի մասին` պնդելով, որ գիտէր, թէ ան կեղտոտ բերան մը ունի խօսելու ընթացքին, բայց չէր գիտեր, որ նաեւ կեղտոտ պատմաբան մըն էր: Իսկ Այհան Ագթար պատասախանեց, որ հասկցած է, որ Պերքթայ Թորոսեանին ամբողջ գիրքը չէ կարդացած, ուրեմն ան անգրագէտ պատմաբան մըն է եւ այնքան վտանգաւոր է, որքան վտանգաւոր է կոյր շարժավար մը կամ կաղ պալերին մը:

Երկու ակադեմականներու միջեւ ծագած այս բանավէճին միջամուխ եղաւ նաեւ պատմաբան Թաներ Ագչամ, որ իր կարգին պնդեց, թէ Հալիլ Պերքթայի նմանները կը ջանան քողարկել ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Թէ 18 մարտին նաւ մը ընկղմա՞ծ է, թէ՞ չէ, այս բոլորը մակերեսային ու ամօթալի փախուստներ են, կ՛ըսէր Ագչամ: Իսկ Պերքթայ պատասխանեց` հարցնելով, թէ Թորոսեանի յուշերուն կեղծ ըլլալը պնդելը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ ցեղասպանութեան իրականութիւնը քողարկելու հետ:

Բանավէճին մէջ մտաւ չորրորդ ակադեմական մըն ալ` Հաքան Էրտեմ, որ անցեալները հրատարակեց  «Իրականութեան եւ սուտերու միջեւ Թորոսեանին յուշերը» խորագրեալ գիրք մը, որով ան ալ յերիւրածոյ կը նկատէր Թորոսեանին յուշերը:

Բանավէճին համար վերջակէտ մը չէ դրուած: Թէեւ Այհան Ագթար գրեց, որ այս մասին այլեւս բնաւ պիտի չգրէ, Ագչամ կը շարունակէ գրել: Հաքան Էրտեմի գիրքն ալ եկաւ նոր հորիզոն մը բանալու այս բանավէճին մէջ: «Հիւրրիյէթ»-ի մէջ  սիւնակագիր Թահա Աքեօլ  անդրադարձաւ Հաքան Էրտեմի գիրքին ու ըսաւ, որ այս մէկը ճշմարտախօս պատմաբան մըն է եւ պէտք է կարդալ անոր գրած գիրքը: Աքեօլ քննադատեց նաեւ Աքչամը:

Կը թուի, թէ բանավէճը դեռ երկար պիտի շարունակուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )