Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Պրուս Քաֆէ Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Հետեւելով Սատաքայի օրինակին` Լիբանանի ախոյեան Պրուս Քաֆէ իր կարգին ապահովեց Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սեն Ժոզեֆի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա հինգ մրցումէ արձանագրելով երեք յաղթանակ, 3-1 արդիւնքով յառաջացաւ իր մրցակիցին վրայ:

Սատաքա – Պրուս Քաֆէ աւարտականի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, առաջինին դաշտին վրայ:

Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )