Քերրիի Առաջին Գործը Եղած Է Իսրայէլի Եւ Պաղեստինի Ղեկավարներուն Հեռաձայնելը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր պաշտօնավարման առաջին վայրկեաններուն իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է օտար երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն հաղորդած են, որ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին:
Նեթանիահու Քերրիին յայտնած է, թէ ինչպէս կ՛ընթանայ Իսրայէլի նոր կառավարութեան ձեւաւորումը` երկրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ընդգծած է իր եւ նախագահ Օպամայի աջակցութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան պահպանման եւ իսրայէլացիներու ու պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման: Նեթանիահու Քերրիին վստահեցուցած է, որ իր գլխաւորութեամբ իսրայէլեան նոր կառավարութիւնը խաղաղութեան յանձնառու պիտի ըլլայ եւ աշխատանք պիտի տանի «իրապաշտ եւ պատասխանատու քաղաքական հոլովոյթ մը յառաջ մղելու»: Քերրի իր կարգին ողջունած է տուրքերէ գոյացած գումարները Պաղեստինեան իշխանութեան փոխանցելու իսրայէլեան կառավարութեան որոշումը:
Քերրի եւ Նեթանիահու նաեւ քննարկած են Իրանի եւ Սուրիոյ հարցերը:
Աւելի ուշ, Քերրի նաեւ զրուցած է Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի վարչապետներուն հետ: Արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ ան նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թուրքիոյ եւ Մեքսիքայի իր գործընկերներուն հետ:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնած է Քերրիի` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու:
«Անատոլու»` մէջբերելով անանուն աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ցաւ յայտնած են Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ յարձակումին նկատմամբ: Քերրի թրքական իշխանութեան գործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է:
Աւելի քան երեսուն վայրկեան տեւած զրոյցի ընթացքին Տաւութօղլու երկու երկիրներու հասարակաց օրակարգին վրայ գտնուող անմիջական հարցերը շեշտած է եւ երկու գործընկերները համաձայնած են Միացեալ Նահանգներու կամ Թուրքիոյ մէջ կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպում մը ունենալու: Անոնք նաեւ քննարկած են Իրաքի եւ Սուրիոյ կացութիւնները:


