Մայորքա Եւ Փալերմօ Պաշտօնանկ Ըրին Իրենց Մարզիչները
«ԼԱ ԼԻԿԱ»-ի կազմերէն Մայորքա շաբաթասկիզբին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խուաքին Քափարոսը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Անիկա նախորդ շաբաթավերջին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ռէալ Սոսիետատէն, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման նախավերջին դիրքը եւ Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է:
Մայորքա Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը սկսաւ տպաւորիչ ձեւով` հինգ մրցումի ընթացքին արձանագրելով երեք յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն:
Ակումբի նախագահ Լորենցօ Սերրա Ֆերեր ըսաւ, որ Քափարոսի յաջորդին անունը պիտի յստականայ:
«ՍԵՐԻ Ա.»-ի խումբերէն Փալերմօ, որ կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը, որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Ճիան Փիերօ Կասփերինին:
Ճենովայի նախկին մարզիչը` Կասփերինի, այս տարեշրջանին սկիզբը հինգ մրցումի ընթացքին Ինթեր Միլանի մարզիչն էր:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Փալերմօ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը պիտի շարունակէ իրեն մարզիչ ունենալով Ալպերթօ Մալեզանին:

