Մովսիսեանի Առաջին Կոլը` Սպարտակ Մոսկուայի Հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Սպարտակ Մոսկուա բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ տեղւոյն կազմերէն Տաֆրայի դէմ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 62-րդ վայրկեանին, յաջողեցաւ ռուսական կազմին հետ նշանակել իր առաջին կոլը, երբ 81-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց երկուքի` իր կազմին ապահովելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Մովսիսեան, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին միացաւ Սպարտակի, անոր հետ ստորագրած է 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )