Եուրա Մովսիսեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Թիւ 12 Շապիկը

Եուրա Մովսիսեան (աջին)

Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր Սպարտակ Մոսկուա ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, խումբի նորեկներ Եուրա Մովսիսեանին եւ Մաժետ Ուորիսին յանձնուած են անոնց մարզաշապիկները:

Լուրը փոխանցող հայկական PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ Մովսիսեան, որ պիտի կրէ թիւ 12 շապիկը, այդ մարզաշապիկը ստացած է ռուսական ակումբի մարզիչ Վալերի Քարփինէն:

Թիւ 12 շապիկը ստանալէ ետք, Մովսիսեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինքզինք կը զգայ հպարտ` մաս կազմելով Սպարտակ Մոսկուայի եւ գործակցելով Քարփինի հետ:

Share this Article
CATEGORIES