Յատուկ Ողիմպիականի Աշխարհի Ձմեռնային Խաղեր. Սուրէն Բալասանեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Բալասանեան, Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ողիմպիականի աշխարհի ձմեռնային խաղերուն տիրացած է արծաթ մետալի: Ան մասնակցած է 100 մեթր հաշմանդամներու դահուկարշաւի մրցումներուն եւ գրաւած երկրորդ պատուաւոր դիրքը:

Նշենք, որ հայ մարզիկին կ՛ընկերանար Հայկական յատուկ ողիմպիականներ հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արտակ Իսրայէլեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )