Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Հըզպալլա ինքզինք իր դէմ ուղղուած ամբաստանութեան պատասխանելու պատասխանատուութեան տակ չի զգար` աւելցնելով, որ յառաջիկայ 16 փետրուարին Հըզպալլայի կողմէ յիշատակի ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպուի, նուիրուած` Հըզպալլայի հիմնադիրներէն շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, եւ հաւանաբար այդ ձեռնարկին ընթացքին որոշ յայտարարութիւն մը կը կատարուի այդ ամբաստանութեան մասին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի մտավախութիւն յայտնեց, որ Արսալն ու Աքքարը վերածուին նոր Նահր Պարետի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Քեսրուանի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն շեշտեց, որ պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Արսալի մէջ պատահածը ցաւալի է եւ պէտք է այդ հարցը օրինական կերպով հետապնդել, մինչեւ անոր աւարտը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել խստիւ դատապարտեց Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումը` շեշտելով, որ բանակը կարմիր գիծ է եւ կարելի չէ անոր ձեռք երկարել:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ներկայացուցած ընտրական օրինագիծի առաջարկը կը տրամադրէ շինիչ մթութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ Պուլկարիոյ ամբաստանութիւնը յաւելեալ պատճառ մըն է, որ իրենք կառչած մնան կառավարութեան հրաժարականի պահանջին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, համաձայնութիւն մը գոյացած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականին շուրջ` ընտրական նոր օրէնքի մը մասին համախոհութիւն գոյացնելէ ետք:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի կողմէ երեսփոխան Պութրոս Հարպը անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը պիտի սերտէ` օրինական չափանիշերուն լոյսին տակ: