Բանակին Գաղտնի Սպասարկութիւնը Բերման Գիր Հրապարակեց Արսալի Քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի Դէմ

Զօր. Քահուաժի ցաւակցութիւն կը յայտնէ

Արսալի մէջ անցեալ ուրբաթ օր լիբանանեան բանակի մէկ ջոկատին դէմ գործուած անարգ ոճիրին պատճառով բանակը կը շարունակէ իր ձերբակալումները Արսալի մէջ եւ անոր շրջակայքը:

Բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ յստակացուց բոլոր յանցագործներուն անուանացանկը, որուն շրջագիծին մէջ ան բերման գիր մը արձակեց նաեւ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի դէմ:

Բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը հրապարակեց նաեւ իր ձերբակալած յանցագործներուն անուանացանկը, որուն մաս կը կազմեն Մահմուտ Ահմետ Հուժէյրի, Հասան Մոհամետ Հուժէյրի, Խալետ Ուալիտ Հուժէյրի, Խալետ Մուսթաֆա Հուժէյրի, Ալի Մոհամետ Հըմայտ, Խալետ Ահմետ Մահմուտ, Ռամեզ Ռահիֆ Հալաուի, Մահտի Ապտել Ղանի Մուսա, Հուսամ Մահմուտ Ռայիտ, Հիւսէյն Քասեմ Ռայիտ, Ահմետ Հիւսէյն Հուժէյրի, շէյխ Եհիա Մոհամետ Հուժէյրի, Սուպիհ Ռայիտ, Մոհամետ Իսմայէլ Պըհլոք, Ահմետ Իսմայէլ Պըհլոք, Ահմետ Հասան Հուժէյրի եւ Խալետ Մոհամետ Հուժէյրի:

Այս բոլոր ձերբակալեալներուն հետ հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են:

Բանակը շարունակեց մնալ Արսալի մուտքին գտնուող իր դիրքերուն մէջ եւ անցարգելներուն միջոցով շարունակեց ստուգել Արսալ մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող քաղաքացիներուն ինքնութիւնը:

Բանակը պիտի շարունակէ իր ներխուժումներն ու ձերբակալումները:

Միւս կողմէ, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց, որ ինք մզկիթներուն մինարէներէն կրօնական հրահանգ արձակած է` բանակայինները սպաննելու գծով:

Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ուղղուեցաւ Աքքար, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Արսալի մէջ նահատակուած ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի ընտանիքին:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Արսալի մէջ բանակին գործողութիւնը 100 առ հարիւր ոչ ոքի հետ կապ ունէր, սակայն անոր նկատմամբ ցուցաբերուած հակազդեցութիւնը բաւական վայրագ դուրս եկած էր:

«Բանակի մեր սպաներուն եւ զինուորներուն դէմ գործուած նման յարձակումներուն դէմ լուռ պիտի չմնանք եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի ընդունինք, որ բանակայիններուն արիւնը յումպէտս հոսի, այլ` արդարութիւն պիտի հաստատենք», ըսաւ ան` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով նաեւ բոլոր վիրաւորներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )