Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին բուռն բախումներ տեղի ունեցան Դամասկոսի ծայրամասերու զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Ժոպար, Հարասթա, Զամալքա: Անընդհատ ռմբակոծումի եւ պայթումներու ձայներ կը լսուէին մայրաքաղաքի բոլոր կողմերը:

Ապահովական ուժերը նախաձեռնեցին խիստ միջոցառումներ` փակելով Ժոպարէն դէպի մայրաքաղաքի կարեւոր մուտքերէն` Ապպասիին հրապարակ հասնող ճամբաները:

ՍԱՆԱ գործակալութիւնը յայտնեց, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ իր գործողութիւնները Ըրպին, Զամալքաշ, Հարասթա եւ Սպենէ շրջաններուն մէջ` վնասազերծելով ընդդիմադիր զինեալներու կեդրոնները:

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանը եւ Պարզա թաղամասը թիրախ դարձան հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, որոնց պատճառով արձանագրուեցան մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբակներու միջեւ մարտերը շարունակուեցան, ինչպէս նաեւ յարձակումներ կատարուեցան պետական անցարգելներու վրայ` մայրաքաղաքի արեւելեան եւ հարաւի մասերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES