Զեկուցում Մը Բազմաթիւ Երկիրներու, Ներառեալ` Իրանի Եւ Սուրիոյ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Հետ Մեղսակցութիւնը Կը Բացայայտէ

Նիւ Եորքի մէջ գործող իրաւապաշտպան «Բաց հասարակութեան արդարութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան հրապարակած մէկ զեկուցումը ցոյց տուաւ, որ առնուազն 54 երկիրներ գաղտնաբար մասնակից դարձած են 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք «Սի.Այ.Էյ.»-ի հովանաւորութեամբ առեւանգման, ձերբակալման եւ չարչարանքի ծրագիրին: Այդ երկիրներուն շարքին են Իրանն ու Սուրիան:

213 էջերէ բաղկացած զեկուցումը յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի արգելափակման գաղտնի ճամբարներու ծրագիրին մասնակից երկիրներուն մեծամասնութիւնը եւրոպական են, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պատասխանատու նկատեց մարդկային իրաւանց բռնաբարութեամբ եւ գաղտնի բանտարկութեամբ բնորոշուող այս ծրագիրին համար:

Զեկուցումը Պուշի կողմէ «Չարիքի առանցք» կոչուած Իրանի եւ Սուրիոյ կողքին իբրեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ այս ծրագիրի ծիրին մէջ գործակցած երկիրներու շարքին կը նշէ Փաքիստանը, Աֆղանիստանը, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Վրաստանը, Լեհաստանը, Լիթուանիան եւ Ռումանիան: Ցանկէն կը բացակային Իսրայէլն ու Ռուսիան:

Զեկուցումը կը նշէ, որ Իրան ծրագիրին մասնակցած է Աֆղանիստանի ամերիկեան ներխուժումէն ետք 15 անձեր Քապուլի յանձնելով, իսկ Սուրիա ամբաստանեալները յանձնելու ամէնէն ընդունուած վայրն էր:

Share this Article
CATEGORIES