Պըրրի Ընդունեց Խազենը, Մանսուրն Ու Ֆլեչըրը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատած են ընտրական օրէնքի մը շուրջ վերջնական համաձայնութեան մը գոյացումը` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է հաւասարապէս ներկայացուած զգան:
«Մենք կը հաւատանք հաւասարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան, որ նշուած է լիբանանեան սահմանադրութեան մէջ», շեշտեց Խազեն:
Ան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած ոճիրը, ինչպէս նաեւ Նահր Պարետի պատերազմին մանրամասնութիւնները:
Խազեն ընդգծեց, որ բանակին դէմ ոճիրները կ՛ելեկտրականացնեն երկրին մթնոլորտը, եւ անհրաժեշտ է այդ լարուածութիւնը փարատել` ձերբակալելով յանցագործները:
«Պուլկարիոյ կողմէ Հըզպալլայի դէմ ուղղուած ամբաստանութեան առումով Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլ մնայուն կերպով ջանքեր կը թափէ Հըզպալլայի անունը միջամուխ դարձնելու ահաբեկչական նման գործողութիւններու», ըսաւ Խազեն:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որ Պըրրիի փոխանցեց Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած իսլամական վեհաժողովին արդիւնքները: