«Ներկայիս Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Հոլովոյթներ Չկան» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

Աշխարհի մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկուն` Ընկերվար միջազգայնականի Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած խորհուրդի ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ ընտրուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի եւ Կովկասի շրջանային յանձնախումբի համանախագահ:

Երէկ «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

«Ընտրութիւնը կատարուեցաւ միաձայնութեամբ, չկար դէմ: Թրքական ընկերվարական կուսակցութիւնը քուէարկութեան ժամանակ ներկայ չէր, հաւանաբար սրահէն դուրս ելած էր», մանրամասնեց Յովհաննիսեան:

Սակայն ասիկա տակաւին ամէնը չէ: ՀՅԴ-ի առաջարկով Վրաստանի մէջ վերստեղծուած ընկերվարական կուսակցութիւնը ընտրուեցաւ իբրեւ դէտ, իսկ Ազրպէյճանի մէջ գործող Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կորսնցուց իր դէտի կարգավիճակը Ընկերվար միջազգայնականի համագումարին մէջ (սեպտեմբեր 2012), քանի որ այդպիսի կուսակցութիւն իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի:

Խօսելով այն բանի մասին, թէ նման կառոյցներ ի՛նչ կու տան Հայաստանին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ այսպիսի միջազգային կառոյցներ մեծ դեր կը խաղան աշխարհին մէջ, ընկերվարական կառոյցները կը ծառայեցնեն Հայաստանի զարգացման, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ միջազգային այսպիսի կառոյցներ պէտք է օգտագործել Հայաստանի թերութիւնները պահելու համար: «Ես գործնական հանդիպումներ ունեցած եմ ափրիկեան երկու ընկերվարական ղեկավարներու հետ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ մեր պետութեան համար», ընդգծեց Վ. Յովհաննիսեան:

Ինչ կը վերաբերի թրքական ընկերվարական կուսակցութեան հետ յարաբերութիւններուն, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ինք հայերէնի դասագիրք տուած է թրքական ընկերվարական կուսակցութիւններու պատգամաւորներուն:

Ինչ կը վերաբերի ներքաղաքական կեանքին, ապա ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երկրին մէջ քաղաքական հոլովոյթներ չի տեսներ, այլ միայն` ընտրութիւններ կոչուող միջոցառում: Ան նշեց, որ եթէ այդ միջոցառումը քաղաքական հոլովոյթի վերածել կարելի չէ, մասնակցութիւնը անիմաստ է եւ Դաշնակցութիւնը խոստովանած է, որ ներկայ պահուն չի կրնար ատիկա կատարել:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անհանգստութիւն յայտնեց նախագահի թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեանի առողջութեան առնչութեամբ. վերջինս արդէն 20 օրէ ի վեր հացադուլ կը կատարէ: Ան նաեւ նշեց, որ վերջինիս գործողութիւնները ուղղուած են երկրին մէջ անարդարութիւնը ցոյց տալու. Անդրէաս Ղուկասեան ընտրեց հացադուլի տարբերակը, իսկ Դաշնակցութիւնը իր չմասնակցելով այդ նպատակը կը հետապնդէ: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Ղուկասեան ճիշդ քաղաքական դիրքորոշում որդեգրած է:

Մեկնաբանելով այն հարցումը, որ Դաշնակցութեան ընտրութիւններուն չմասնակցիլը ապտակ է իշխանութեա՞ն, թէ՞ ժողովուրդին, Յովհաննիսեան յայտարարեց ,որ ժողովուրդին ապտակ հասցնելը անկարելի է, կարելի է միայն բացատրել ժողովուրդին, որ իր ձայնը ծախելով ան աւելի վատ պիտի ապրի: «Բայց մարդիկ չեն ցանկար օգտագործել իրենց ձայնի ուժը, իսկ մենք չենք ցանկար անոնց ստիպել: Ես չեմ ցանկար, որ դուք մտածէք, որ Դաշնակցութիւնը դադրեցուցած է պայքարը: Պարզապէս մենք կը նկատենք, որ այդ հանգրուանին ատիկա անիմաստ է: Մենք կը ցանկանք, որ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները դէմ առ դէմ մնան եւ լաւ ծանօթանան իրարու», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժողովուրդը հիւանդ են:

Վահան Յովհաննիսեան քուէարկութեան չմասնակցելու կոչերը սխալ նկատեց, ինք անձամբ պիտի երթայ ընտրելու եւ քուէարկէ բոլոր թեկնածուներու օգտին, բացի իշխանութեան թեկնածուէն: Այդպիսով` քուէաթերթիկը անվաւեր պիտի դարձնէ:

Ինչ կը վերաբերի միասնական թեկնածու ունենալու կարելիութեան, ան նշեց, որ ատիկա պիտի փոխէր իրադրութիւնը, սակայն Դաշնակցութիւնը թերահաւատ է այդ հարցին մէջ: «Երբ ամէն թեկնածու, խօսելով այդ մասին, նկատի ունի միաւորում իր շուրջ, ամէն ինչ անդունդ կը գլորի: Ես տակաւին չեմ տեսած թեկնածու մը, որ պատրաստակամութիւն յայտնէ հանելու իր թեկնածութիւնը ի նպաստ ուրիշ թեկնածուի մը»:

Յովհաննիսեան միաժամանակ կարծիք յայտնեց, որ ընտրութիւններէն ետք տեղաբաշխումներ պիտի կատարուին, ձեւաւորուին նոր դաշինքներ եւ քաղաքական միութիւններ:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ մեղադրել սուրիահայերը այդ երկրէն չտարհանելու համար:

«Այս առումով այսօր տակաւին մեր քաղաքականութեան հիմքը կը մնայ սուրիահայ գաղութը Սուրիոյ մէջ ամուր պահելը` յոյս ունենալով, որ իրավիճակը քիչ մը աւելի խաղաղ դառնայ այնտեղ: Ամբողջութեամբ խաղաղ չի դառնար շատ երկար ժամանակ, բայց առնուազն կեանքի ֆիզիքական վտանգ եթէ չըլլայ, ատիկա արդէն կարելիութիւն կու տայ, որ սուրիահայերը կարենան նորէն վերականգնել իրենց կորսնցուցածը», ընդգծեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը իր ձեւաւորման սկիզբը ոչ թէ գումար կը յատկացնէր Սուրիոյ բնակչութեան, այլ պարենամթերք ու դեղորայք կ՛ուղարկէր Սուրիա: Նախորդ տարուան սեպտեմբերէն նախաձեռնութիւնը երեք ուղղաթիռներ սննդամթերք ու դեղորայք ուղարկած է այդ երկիրը: Սակայն այս ճամբով օգնութիւնը տեղ հասցնելը ոչ միայն սուղ է, այլեւ արդէն անկարելի: Հալէպի օդակայանը դեկտեմբերի աւարտէն չի գործեր, եւ գործնականին մէջ այդ ճամբով սնունդ ու առաջին անհրաժեշտութեան իրեր հասցնելը պատերազմական այդ երկիրը անկարելի է:

Վահան Յովհաննիսեան աղքատութենէն զատ աւելի կարեւոր նկատեց սուրիահայութեան ապահովութեան խնդիրը:

Share this Article
CATEGORIES