Կիրակնօրեայ Խօսքը. Քանի Մը Հարցումներ` Կենսապատկան Հարցադրումներէն…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, կիրակնօրեայ աւատարանը, Ս. Ղուկասի գրչէն, կը պատմէ մեզի Յիսուս մանուկին ընծայումը Յովսէփ Խնամակալին եւ Մարիամ Կուսամօր կողմէն: Նաեւ կը նկարագրէ «արդար ու բարեպաշտ» Սիմէոն Ծերունիին եւ «աղօթքով ու ծոմապահութեամբ» Աստուծոյ ծառայող Աննա մարգարէուհիին արտաքին եւ ներքին վիճակը:

Ուսուցողական եւ թելադրական է բովանդակութիւնը, բայց նաեւ շատ հետաքրքրական ու պատմագրական` նկարագրութիւնը. ուստի, յոյժ կը խնդրեմ, որ կարդաս այս հատուածը (Ղկ. 2,22-40): Միայն այսպէս պիտի կարենաս հասկնալ հարցումները, զորս այսօր կ՛ուղղեմ ինծի՛, քեզի՛, անո՛ր, մեզի՛, ձեզի՛ եւ անո՛նց:

Մենք ունի՞նք Մարիամի եւ Յովսէփի օրինապահութիւնը…

Ներշնչեալ հեղինակ կամ սրբակեաց հոգի մը կրնա՞յ վկայել իւրաքանչիւրիս մասին, թէ այս «մարդը արդար ու բարեպաշտ» է:

Ծնողներն իրենց զաւակները գիտե՞ն ընծայել եւ կ՛ուզե՞ն նուիրել Աստուծոյ:

Մենք կ՛անսա՞նք Աստուծոյ խօսքին` անոր համպատասխան ապրելով:

Մենք կը համակերպի՞նք, որ Աստուծոյ ծառաներն ենք:

Մենք մեզ արժանի՞ կը դարձնենք ըլլալու Աստուծոյ կամակատարները:

Մենք յօժա՞ր ենք ապրելու եւ մեռնելու Տիրոջ «խօսքին համաձայն»:

Մենք կը հաւատա՞նք, որ Յիսուս մեր «փրկութիւնն» է:

Մենք կ՛ընդունի՞նք, որ Յիսուս մեր «լոյսն» է:

Մենք կ՛առնե՞նք այս Լոյսը իբրեւ միակ ուղեցոյցը մեր առօրեային:

Մենք համոզուա՞ծ ենք, որ Յիսուս «փառքն» է քրիստոսական հաւատաւորներուն:

Մենք ունի՞նք առաքինութիւնը զարմանալու ընկերոջ, դրացիին կամ միութենականին մասին «ըսուած խօսքերէն» եղած գովասանքին վրայ:

Մենք կը գիտակցի՞նք Տիրոջ անունով մեզի տրուած քահանայական օրհնութեան:

Մենք կ՛ապրի՞նք մեր կեանքը բերանի, լեզուի, աչքի եւ ականջի հարազատ աստուածապաշտութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ:

Մենք կը ծառայե՞նք Աստուծոյ իսկական «աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»:

Մենք գոհունակութիւնն ունի՞նք «ամէն բան կատարած ըլլալու Տիրոջ օրէնքին համաձայն»:

Մենք կը ջանա՞նք կրթել մեր զաւակը, որ` «մեծնայ, զօրանայ եւ լեցուի իմաստութեամբ եւ Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ ըլլայ»:

Մենք կը զոհաբերե՞նք մեր եսը, որ մեր զաւակը «հնազանդ» ըլլայ մեզի:

Մենք կը դաստիարակե՞նք մեր զաւակը, որ` «զարգանայ իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով` Աստուծոյ եւ մարդերուն առջեւ»:

Այս խոցոտիչ հարցադրումներուն դիմաց` պահանջուած անկեղծութիւնը եւ քաջութիւնն ունի՞նք մտաբերելու քանի մը օրինակներ մեր ամէնօրեայ կեանքէն եւ առօրեային մէջ մեր կենցաղավարութենէն ու վարուելակերպէն:

Աստուծոյ օրէնքները մէկդի դրած ենք եւ շինած ենք մենք մեզի օրէնքներ` կամայական, եսահաճոյ, քմայքոտ, ինքնայարմար, անձնասիրական եւ անօրէն. ապա, դեռ կը զարմանանք կամ կը գանգատինք, որ իրապէս ուրախ չենք, խաղաղ չենք, միաբան չենք, համակերպող չենք եւ կորսնցուցած ենք հեղինակութիւնը մեր զաւակներուն վրայ:

Անյագ եսասիրութեամբ մը լեցուած` կ՛ըղձանք, որ մարդեր մեզ հռչակեն «արդար ու բարեպաշտ»: Մինչ ուրիշներուն նկատմաբ համարեա՛ միշտ նախանձոտ, բամբասող, անխնայ, անփափկանկատ, չարախօս եւ անարդար ենք:

Աստուծոյ մեր զաւակներուն նուիրումը չենք կատարեր:

Տիրոջ ծառայութեան մեր զաւակին ընծայումը կը խափանենք:

Մեր օրինակով չենք քաջալերել կրօնասիրութիւնը մեր զաւակներուն մէջ:

Մեր անհոգութեան պատճառով եկեղեցասիրութիւնը վերջին հոգն է նոր սերունդին:

Ս. պատարագին մեր կիրակնօրեայ հաւատարիմ ու գիտակից մասնակցութիւնը կախեալ դարձուցած ենք մեր գիշերային ժամանցէն, մեր ճաշարանային հաճոյքէն, մեր տրամադրութենէն, մեր քունէն, մեր յոգնածութենէն, մեր ցաւէն, մեր խօսեցեալէն, մեր խնամիներէն, մեր այցելուէն, մեր սուրճէն ու մեր սրճագաւաթին նայիլ կամ կարդալ տալէն, ինչպէս ալ մեր ձկնորսութենէն, մեր որսարշաւէն, մեր լուացքէն, մեր ճաշին պատրաստութենէն, մեր հիւրերուն անկոչութենէն, մեր բարեկամներուն անակնկալէն…

Այս պատճառաբանութիւնները դարձուցած ենք մեր առաջնահերթութիւնները, այնքա՛ն, որ անոնցմէ մէկուն դիպումին արդէն Աստուածը, եկեղեցին ու Ս. պատարագը կ՛իջեցնենք երկրորդական, երրորդական, չորրորդական եւ ոմանց մօտ` հարիւրերորդական ու աւելորդական կարգին` այնքան ստէպ ու սովորական ընթացքով, որ այլեւս կա՛մ չենք ունենար դոյզն խղճի խայթը եւ կա՛մ չենք անսար խղճմտանքի ձայնին:

Դեռ աւելի՛ն: Հոգեսպան այս յիշուած թերութիւններուն եւ չյիշուած մեղանչումներուն մէջ մխրճուած` դեռ յաւակնոտ ինքնագնահատանքն ու անձնակործան «արդարամտութիւնը» կ՛ունենանք` մեր այս ընթացքը լորձնաշուրթն չքմեղելու տաղտկալի յանկերգի մը վերածուած այնպիսի՛ պարզունակ տրամաբանութեամբ, որ մեզ «արժանի» կը դարձնէ լսելու մեր Աստուածային Վարդապետին սարսափելի յանդիմանութիւնը.«Այս ժողովուրդը շրթունքով կը պատուէ զիս. եւ անոր սիրտը հեռացած է ինծմէ: Ի զո՜ւր պաշտամունք կ՛ընծայեն ինծի, որովհետեւ անոնց սորվեցուցած վարդապետութիւնը (շինած օրէնքներն ու վարած կենցաղը) միայն մարդկային պատուէրներ են» (Մտթ. 15,8-9):

Այնճար, 3 փետրուար 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )