ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՆԱՄԱԿ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն ստացաւ նամակ մը, որուն բովանդակութիւնը չբացայայտուեցաւ:

Նամակը Ռայի պատրիարքին յանձնեց Միքաթիի խորհրդական Ճօ Իսա Խուրի:

Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ռայի պատրիարքը պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ազգային, եկեղեցական եւ կրօնական հարցեր:

Միւս կողմէ, մարոնի պատրիարքը ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES