«Ո՛չ Շամին Շաքարը, Ո՛չ Ալ…»

Ճ.

Ուսանողական տարիքիս Հայ դատն ու հայկական պահանջատիրութիւնը (պատերազմական Լիբանանի առօրեային կողքին) առանցքները կը հանդիսանային հասակակիցներուս զրոյցներուն, այդ ալ` ո՛չ միայն միութենական հանդիպումներուն, այլ նոյնիսկ «թաղին անկիւն»-ը, երբ հաւաքուէինք:

Է՜հ, այդ սերունդն ու այդ տարիները… Հապա՞ այսօրուան մեր երիտասարդութեան մեծ համեմատութեան հետաքրքրութեանց առանցքը…

Ինչեւէ, «կուտ օլտ տէյզ նոսթալժիա»-ն չէ նիւթս. ամէն պարագայի, այդ օրերուն «նոր սերունդ»-ս կը խօսէր քարոզչական աշխատանքի բնոյթը «Փրօ Արմէնիա»-ի տպագիր ոճէն «հոլիվուտեան» ոճի վերածելու մասին. ճարտասան ու բանիմաց հռետորները «տպուածը մեռած է» եւ «ֆիլմը հզօրագոյն քարոզչական միջոցն է» կը բացատրէին (համացանց չկար):

Վերջին տարիներուն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններ պատրաստուեցան: Իւրաքանչիւր ժապաւէնի հրապարակումը (այդ տարիներու այդ զրոյցներու ազդեցութեամբ) նոր աւետիսի պէս կը դիմաւորէի եւ կը մաղթէի, որ անոր օտար հանդիսատեսներու համեմատութիւնը աւելի մեծ ըլլար, քան` հայերունը:

Այս բոլորը կը պատմեմ` հաւաստելու, որ Սոնա Թաթոյեանի «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» ժապաւէնի ծրագիրը դրականօրէն ընկալեցի: Դրական նկատեցի նաեւ այդ ծրագիրին Թուրքիոյ մէջ ծանուցումը` վերեւ տրուած «Ռատիքալ»-եան հարցազրոյցին միջոցով:

Բայց երբ «Ազդակ»-ի եւ իմ յարգելի բարեկամ Գ. Կ.ն մեզի յղեց հարցազրոյցին թարգմանութիւնը… չեմ կրնար, թոյլատրուած չէ լոյս ընծայել զգացածս ու մտածածս:

Եթէ հասկնալի է, որ թրքախօս վերապրողներու զաւակները թրքերէնը սիրէին եւ ունկնդրէին, ապա անհասկնալի է «Թուրքիոյ վրայ հիացող»-ի խիստ պատուաբեր տիտղոսը:

Բայց աւելի անհասկնալին նոյնինքն Սոնա Թաթոյեանի ապրումներն ու «ճաշակն» են. Հայաստանի մէջ «օտար» զգացած է, «ո՛չ ճաշերը, ո՛չ ճարտարապետութիւնը, ո՛չ ալ երաժշտութիւնը» իր հոգիին հարազատ թուացած են:

Բայց զարմանքս փարատեցաւ, երբ յայտնեց, որ Արեւմտահայաստան… ներողութի՛ւն, Թուրքիա եւ Անատոլու իր «ուխտագնացութեան» ատեն իրեն հոգեհարազատ զգաց «թրքերէնն ու ճաշերը», վստահաբար նաեւ` երաժշտութիւնը:

Էզկի Պաշարան

Արդէն սկսայ հասկնալու, եւ քիչ մը եւս կարդալէ ետք ամառնային կէսօրուան արեւուն չափ յստակ դարձաւ: Երբ թուրք մը իրեն ըսաւ, որ հիմա կարելի չէ փոխել իրականութիւնը, բայց տակաւին ընտանիք ենք, Թուրքիոյ հանդէպ իր զայրոյթը նուազած է եւ ի՛ր համայնքէն (կը պնդէ, որ հայութիւնն է) սկսաւ ջղայնանալ:

Թէ ինչո՞ւ:

Որովհետեւ սփիւռքը «կը մերժէ հաշտուիլ թուրքին հետ, եւ կառչած կը մնայ զոհ երեւելու եւ ցաւի մօտեցումին»:

«Հայկական սփիւռքը եթէ առնէ այս քայլը, նախ եւ առաջ յարգած կ՛ըլլայ իր մշակոյթն ու պատմութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Կ՛աղերսեմ, կ՛աղաչեմ, մէկը թող ըսէ այդ… կնկան, որ եթէ մշակոյթս ու պատմութիւնս իր հասկցածն է, այսինքն` թրքերէնը, թրքական երաժշտութիւնն ու ճաշը հոգեհարազատ զգալը, իսկ հայկականը` խորթ, ապա ատիկա ի՛ր, եւ երբե՛ք «մեր, հայկական սփիւռքիս» մշակոյթը չէ:

Իսկ եթէ կ՛ուզէ, որ մեր պատմութիւնը յարգենք, ապա ճիշդ այ՛դ է, որ կ՛ընենք, երբ թուրքի մը «մէկ ընտանիք ենք» խօսքի կողքին նաեւ կը դիտենք, թէ ի՞նչ ըրած է, եւ այսօ՛ր իսկ կ՛ընէ ան (տե՛ս` ստորեւ):

Ինչ կը վերաբերի զոհի եւ ցաւի հոգեբանութեան, ապա մէկը հայութենէն միայն Զեքի Միւրենը յիշող այդ օտարացած-ձուլուածին թող պատմէ, թէ պահանջատիրութիւն անունով բան մը կայ:

Աւելի աղուորն ալ կայ:

Ժապաւէնին մէջ լայն տեղ պիտի տրուի հայեր փրկած «լաւ» թուրքերուն, եւ «գէշ» հայերուն ալ, կ՛աւետէ ան:

Պարզ չէ՞ միթէ:

Թող թուրքին ծառայելու կամ հաճոյախօսելու տենդով բռնուած այդ անձը պնդէ, թէ ճշմարիտ են «իր» թուրքերուն զգացումները:

Միայն յիշեցնեմ, որ ան այս տեսակէտները արտայայտեց Հրանդ Տինքի տարելիցին, Մարիձա Քիւչիւքի յուղարկաւորութեան եւ Սեւակ Պալըքճիի դատավարութեան օրերուն:

Ես աւելին պիտի չըսեմ Սոնա Թաթոյեանին: Կողքի սիւնակներուն մէջ թող կարդայ, թէ իրեն սիրելի թուրքերուն մէջ ապրող ու մեռնող հայերը ինչպէ՞ս կ՛ապրին ու կը մեռնին. այդ ալ` թուրքերու գրիչով: Թող կարդայ, թէ ինչպէ՞ս նոյնիսկ այս օրերուս հայ զոհի հարազատներուն սպառնալիքով կ՛արգիլուի արդարութիւն պահանջելը:

Ես միմիայն կ՛ուզեմ ըսել, որ հրաժարեցայ տասնամեակներու համոզումէս, Հայ դատի հոլիվուտատիպ քարոզչութեան համար այսպիսի մարդոց պատրաստութիւնները չե՛մ ուզեր:

Եւ քանի որ թրքերէնը այդքան հարազատ է անոր, թրքական ասացուածք մը ուղղեմ ի՛ր հասցէին.

«Նէ Շամըն շեքերը, նէ…»:

 

Share this Article
CATEGORIES