Պուայէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Ներկայացուցած Է

Վալերի Պուայէ

Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր նախագիծ մը, որուն հեղինակը դարձեալ Պուշ տը Ռոն շրջանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Վալերի Պուայէն է: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթին յայտնած է հայազգի փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան:

Նախագիծը հիմնուած է Եւրոպայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած «Ցեղասպանութեան եւ զինուորական յանցագործութիւններու ժխտման քրէականացում» նախատեսող յօդուածին հիման վրայ: Նոր նախագիծով կը նախատեսուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողը երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտել կամ 45 հազար եւրօ դրամական տուգանքի ենթարկել:

Պուայէի եւ Գրիգորեանի միասնաբար հեղինակած Ցեղասպանութեան քրէականացման մասին նախորդ օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած էր, սակայն Սահմանադրական խորհուրդը զայն հակասահմանադրական ճանչցած էր: Նախորդ օրինագիծը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար մէկ տարուան բանտարկութիւն կամ 40 հազար եւրոյի տուգանք կը նախատեսէր:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւս բազմաթիւ անգամներ խոստացած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնք ներկայացնել: Ան իր այդ խոստումը վերահաստատած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` նախորդ տարուան աշնան Փարիզ կատարած այցելութեան ժամանակ:

 

Share this Article
CATEGORIES