ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, վարժարաններու քննութիւններուն պատճառով շաբաթավերջին արձակուրդէն կը վերադառնայ իր յայտագիրներուն, որոնց ընթացքին պիտի շարունակուին պասքեթպոլի մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2013       ——————————–ԺԱՄ

1999/2000 տղաք Կ. Բ. Վ. – Ճեմարան  12:00
1995/1996 աղջիկներ Հռիփսիմեանց – Ճեմարան (կիսաւարտական)     13:00
1995/1996 աղջիկներ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Հարպոյեան (կիսաւարտական) 14:00
1995/1996 տղաք Դարուհի Յովակիմեան – Մեսրոպեան (կիսաւարտական)     15:00
1999/2000 աղջիկներ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Ճեմարան      16:30
1995/1996 տղաք Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ (կիսաւարտական) 17:30

Վարժարաններու մարզական ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ չորեքշաբթի 13 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնին մէջ (Երեւանեան շէնք) տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը եւ մինի ֆութպոլի վիճակաձգութիւնը: Ուսուցիչներուն ներկայութիւնը պարտադիր է:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES