Ըմբշամարտը Կրնայ Դուրս Մնալ 2020-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերէն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն իր գումարած մէկ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ շատ հաւանաբար ըմբշամարտը կրնայ դուրս մնալ 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերէն:
Հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ կոմիտէն իր այս որոշումը հրապարակեց իր պաշտօնական կայքէջին ընդմէջէն, Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) գումարուած իր նիստին ընթացքին:
Ցարդ անորոշ է, որ ըմբշամարտի բոլոր ձեւե՞րը կրնան դուրս դրուիլ ողիմպիականէն, թէ կարգ մը ձեւեր:
Յամենայն դէպս, այդ ուղղութեամբ վերջնական որոշում պիտի տրուի Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 125-րդ նստաշրջանին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին` Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին): Այդ ժամանակ պիտի ընտրուի նաեւ 2020-ի ողիմպիական խաղերուն մայրաքաղաքին անունը: Թեկնածուներն են` Մատրիտ, Պոլիս եւ Թոքիօ:

