Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները Կը Պատրաստուին 2013-Ի Տարեշրջանին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ 15 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի երիտասարդներու կռփամարտի ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դերենիկ Ոսկանեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մինչեւ այս ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը, կռփամարտիկները կը մարզուին իրենց անձնական մարզիչներուն հետ:

«Բացի ատկէ, հաւաքականին անդամները կը մարզուին շաբաթը երեք անգամ` Տինամօ մարզասրահին մէջ: Մինչեւ ախոյեանութեան սկիզբ առնելը, մենք ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարենք Աբովեանի մէջ, ուր ընդգրկուած պիտի ըլլան շուրջ 12 կռփամարտիկներ», ըսաւ Ոսկանեան:

Ըստ Ոսկանեանի, Հայաստանի ախոյեանութենէն ետք պիտի ձեւաւորուի հաւաքականը, որ ելոյթ պիտի ունենայ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ մինչեւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի վերջը` Ռոթերտամի մէջ (Հոլանտա), խումբը պիտի մասնակցի նաեւ Քլիչքօ եղբայրներու մրցաշարքին:

Share this Article
CATEGORIES