Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Ուրբաթ, 15 փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Հանդիպումի ընթացքին վեհափառ հայրապետը ու դեսպանը անդրադարձան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ 3 մարտին տեղի ունենալիք Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակումի մասին: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի, 18 փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները ընթանան ժողովրդավարական սկզբունքներու ամբողջական կիրարկումով եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ:
CATEGORIES Գաղութային