Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Վերահաստատեց Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր Իր Գործադրելիք Բաց Նստացոյցը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ հաստատեց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 19 փետրուարին պիտի գործադրէ բաց գործադուլ մը, որուն ընթացքին կեդրոնական նստացոյց մը պիտի կատարուի Կեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու փողոցին մէջ եւ հոնկէ քայլարշաւ մը պիտի ուղղուի դէպի վարչապետարան:

Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ եւ Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեցին, որ ոչ մէկ ձեւով այդ գործադուլը չեղեալ պիտի նկատուի, բացի եթէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերուն տրուելիք յաւելումները, որոնք կառավարութեան կողմէ վաւերացուած են, փոխանցուին խորհրդարան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )