Արարատ – Մերանի Հանդիպումը Աւարտեցաւ… Ծեծկռտուքով
Պաթումի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Արարատ Երեւան կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը` Վրաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն ախոյեանութեան մաս կազմող Միրանի խումբին դէմ:
Արարատի մամլոյ քարտուղարութենէն քաղելով իր լուրը` armsport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ մրցումը, որ աւարտեցաւ 70-րդ վայրկեանին, վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: Հայկական կազմին տուպլէն իրագործեց Գէորգ Նռանեան:
Ըստ Արարատի մամլոյ քարտուղարութեան, ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան ըսած է, որ Բ. կիսախաղին իրաւարարը ցուցաբերած է կողմնակալութիւն, որուն պատճառով լարուածութիւնը բարձրացած է եւ խնդիրը հասած մինչեւ… ծեծկռտուք: Իրաւարարը չհիմնաւորուած փենալթի մը նուիրած է դաշտին տիրոջ: Խնդիրը հասած է ծեծկռտուքի, երբ վրացի մարզիկներէն մէկը բաւական կոպիտ ֆաուլ կատարած է:
Երկու խումբերուն մարզիչները համաձայնելով որոշած են մրցումը աւարտել` 70-րդ վայրկեանին:
Մրցումէն ետք Մերանիի գլխաւոր մարզիչը ներում հայցած է Խաշմանեանէն` պատահածին համար:

