ՔՐԱՖԹ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ. ՊԱԹ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պայէրն Միւնիխի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երիտասարդ բերդապահ Թոմաս Քրաֆթ պիտի լքէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ մարզիչ Լուիս Վան Կաալի պաշտօնազրկումէն ետք սկսած է նկատի առնուիլ իբրեւ պահեստի բերդապահ: Նշենք, որ երեք շաբաթ առաջ հոլանտացի Վան Կաալ պաշտօնանկ եղաւ եւ անոր փոխարէն ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Անտրիես Եոնքըր:

Մինչ 22 տարեկան Քրաֆթ կը պատրաստուի լքել իր կազմը` այս տարեշրջանին աւարտին, անդին 36 տարեկան բերդապահ Եորկ Պաթ համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու խումբին հետ:

Պայէրնի տնօրէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Եուփ Հայնքես, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը, փափաք յայտնած է, որ Պաթ չհեռանայ կազմէն:

 

Share this Article
CATEGORIES