Ռուսիոյ Մէջ Ինկած Երկնաքարային Անձրեւին Պատճառով Արձանագրուած Վիրաւորներուն Թիւը Բարձրացաւ 1240-ի
Ուրբաթ օր ռուսական եւ ղազախական հինգ շրջաններու մէջ ինկած երկնաքարային անձրեւին պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը բարձրացաւ 1240-ի: Կը հաղորդուի, որ դէպքին գլխաւոր վայրին` ռուսական Չելիապինսք նահանգին մէջ շողարձակումի մակարդակը տակաւին բնական է, եւ տնտեսական եւ ուժանիւթի կառոյցները բնական կերպով կը գործեն:
Ամերիկեան ՆԱՍԱ գործակալութեան փորձագէտները այն եզրակացութիւնը գոյացուցին, որ այդ երկնաքարը աւելի մեծ էր, քան նախապէս հաղորդուած էր: Ըստ ՆԱՍԱ-ի, անոր տրամագիծը 17 մեթր էր եւ ոչ թէ 15 մեթր, իսկ կշիռքը` 10 հազար թոն: Աւելի՛ն, անոր պայթումին ուժը 30-էն 500 մեկաթոնի բարձրացուած է, այլ խօսքով` անիկա Հիրոշիմայի պայթումէն աւելի ուժգին էր:
«Վեսթի» հաղորդեց, որ Չելիապինսք քաղաքէն բացի երկրի վրայ ինկած են երկու այլ երկնաքարեր: Անոնցմէ մէկը անցած է Քուպայի վրայէն եւ պայթած օդին մէջ` առանց վիրաւորներ կամ նիւթական վնասներ պատճառելու: Պայթումին պատճառով ցնցուած են տուներու պատերը եւ պատուհաններու ապակիները: Իսկ մէկ այլ հուրէ գունդ մը նկարուած է Քալիֆորնիոյ մէջ` վարորդի մը կողմէ:
Յիշեցնենք, որ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Ուրալի շրջանային կեդրոնի ներկայացուցիչին խօսքերը, հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ Չելիապինսքի մարզի տարածքին մէջ երկնաքարային անձրեւ տեղացած է, աւերածութիւններ չկան:
«Կ՛ենթադրուի, որ երկնաքարային անձրեւ տեղացած է: Տեղեկութիւն կայ մօտ 10 հազար մեթր բարձրութեան վրայ պայթումի մասին: Տեղեկութիւնը կը ճշդուի», ըսած էր գործակալութեան զրուցակիցը:
Ան աւելցուցած էր, որ շարք մը բնակավայրերու մէջ ապակիներ կոտրուած են:
Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի պնդած էր, որ տեղի ունեցածը երկնաքարային անձրեւ չէր, այլ` «ամերիկացիներուն կողմէ նոր զէնքի մը փորձարկումը»: Սակայն Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց, որ ատիկա երկնաքար մըն էր, իսկ վիրաւորներուն թիւը աւելի քան հազար է:

