Սէյիտ Նասրալլա Պատասխանեց Սաատ Հարիրիի Յայտարարութիւններուն

Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, անցեալ շաբաթ օր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հօր` նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին արտասանած է խօսքեր, որոնք կը հակադրուին Դիմադրութեան առնչութեամբ Ռաֆիք Հարիրիի կեցուածքներուն ու տեսակէտներուն հետ:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրի հաստատած է, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ինք Դիմադրութեան կը զօրակցի մինչեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումը եւ ոչ միայն Լիբանանի բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Ռաֆիք Հարիրի աւելցուցած է ըսելով. «Եթէ Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու ամբողջական խաղաղութիւնը հաստատուի եւ Դիմադրութիւնը իր զէնքը չյանձնէ, ապա ինք կը հրաժարի եւ Լիբանանէն կը մեկնի, որպէսզի Դիմադրութեան հետ չբախի»: «Ա՛յս է հայրդ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` իր խօսքը ուղղելով Սաատ Հարիրիի:

14 փետրուարի «Պիել»-ի ձեռնարկին ընթացքին Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքերուն շրջագիծին մէջ մնալով եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին կաշառելու մասին անոր յայտարարութիւններուն անդրադառնալով`  ան հարց տուաւ Սաատ Հարիրիի, որ արդեօք իր հայրը կաշառք ստացա՞ծ էր այդ կեցուածքները որդեգրելու: «Իսկ 2005-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ քառակողմանի դաշինք մը գոյացած էր, արդեօք դուն կաշառուեցա՞ր», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա նախկին վարչապետին:

Աւելի՛ն. սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականին ընթացքին Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարելաւելու միտումով արձանագրուած քաթարեան ու թրքական ջանքերուն եւ պատրաստուած փաստաթուղթին:

Ան հաստատեց, որ այդ փաստաթուղթին մէջ Հըզպալլայի առաջարկուած էր Դիմադրութեան զէնքին մասին չխօսիլ եւ անոր ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարել, պայմանաւ որ անոնք ընդունէին Սաատ Հարիրին դարձեալ վարչապետ նշանակել, «եւ մենք մերժեցինք այդ առաջարկը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` հարց տալով, թէ այս պարագային ո՛վ որո՞ւն կաշառած կ՛ըլլայ:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց նաեւ, թէ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին շիի համայնքին պատկանող նախարարներէն մէկը սիւննի համայնքին եւ յատկապէս Քարամէ ընտանիքին զիջելու նախաձեռնութիւնը Հըզպալլային չէր, այլ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

Սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ Հարիրիի, որ եթէ իրենք իրենց դաշնակիցներուն մտահոգութիւնները լսեն եւ անոնց զօրակցին, յանցանք գործած կ՛ըլլա՞ն: Ապա ան հաստատեց, որ իրենք Մուսթաքպալ հոսանքին նման չեն, որովհետեւ կը զօրակցին իրենց դաշնակիցներուն:

Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենց համար Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու եւ համամասնական դրութեամբ օրէնքի հիման վրայ ընտրութիւն կատարելը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով սակայն, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին եւս իրենք համաձայն գտնուած են, որովհետեւ նկատած են, թէ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

«Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը նկատէ առիթ մը` խորհրդարանին մէջ իսլամ-քրիստոնեայ իսկական հաւասարութեան, հետեւաբար` մենք համաձայն ենք անոնց տալու այդ առիթը: Իսկ եթէ այդ օրինագիծը քուէարկութեան ներկայացուի, ապա մենք թեր պիտի քուէարկենք այդ օրինագիծին», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենց քաղաքականութիւնը հիմնուած է իրենց դաշնակիցներուն զիջումներ կատարելու վրայ` պահպանելու համար Դիմադրութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին ազգային իսկական համագործակցութեան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ Հըզպալլայի յարաբերութիւններուն մասին Սաատ Հարիրիի կատարած ակնարկութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ. «Սաատ Հարիրի, նեղուա՞ծ ես, որովհետեւ մենք Ժոմպլաթի հետ կռիւ չենք մղեր: Կը փափաքիս, որ կռուի՞նք Սուրիոյ հարցին նկատմամբ մեր տարակարծութիւններուն պատճառով: Մենք այդ մէկը պիտի չկատարենք»:

Իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա Իսրայէլը մութի պիտի մատնէ, եթէ ան փորձէ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը շղթայազերծել:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլի օդակայաններն ու նաւահանգիստները իրենց կարգին ռմբակոծումի թիրախ պիտի դառնան:

Ան շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութեան զէնքը Իսրայէլի դէմ չէ, ապա անիկա անարժէք է:

Պուլկարիոյ «Պուրկաս» համալիրին պայթումին գծով Հըզպալլայի ուղղուած ամբաստանութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը սանձազերծելու համար Իսրայէլ պատճառաբանութեան կարիք չունի:

«Այսօր Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ է եւ ամբողջական զգաստութեամբ կը վարուի` առանց Սուրիոյ կամ Իրանի կարիքը ունենալու», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

ՍԷՅԻՏ Նասրալլայի խօսքէն ետք, Սաատ Հարիրի «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին` շեշտելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած կողմերը իրաւունք չունին Ռաֆիք Հարիրիի մասին խօսելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )