ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԻՐ ՄՕՏ ՊԱՀԵՑ ՏԻՏՂՈՍԸ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Պարսելոնա երէկ գիշեր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեվանթէի հետ (վերջինիս դաշտին վրայ), սակայն տիտղոսը պահեց իր մօտ եւ ախոյեանութեան տիրացաւ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պարսա ունեցաւ 92 կէտ, եւ ատիկա` տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Թէեւ անիկա վեց կէտով կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը, սակայն ինչ ալ ըլլան անոր կատարելիք երկու մրցումներուն արդիւնքները, մայրաքաղաքի կազմը պիտի չկարենայ գերազանցել Պարսան, որովհետեւ նոյնքան կէտ ունենալու պարագային նկատի կ՛առնուին երկու խումբերուն միջեւ այս տարեշրջանին արձանագրուած արդիւնքները:
CATEGORIES Մարզական