Նալբանդեան Ընդունեց Թրքական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները

16 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց թրքական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ ներկայացնող լրագրողներ, որոնք Հայաստան այցելած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրի շրջագիծին մէջ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, մօտեցումները շրջանային եւ միջազգային կարեւոր խնդիրներու վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES