ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԻՒՂԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Դեղագործ Ռուբէն Գիւլխանճեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 11 մայիս 2011-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգտակար եւ վնասակար իւղեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց դեղագործ Ռուբէն Գիւլխանճեան:

 

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը յիշեց, որ մեր մարմինը պէտք ունի իւղերու կամ աւելի ճիշդը ճարպաթթուներու, սակայն անոնց անբաւարար կամ պէտք եղածէն աւելի կուտակումը կը յառաջացնեն առողջապահական տարբեր վիճակներ:

Դեղագործը դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով նախազգուշութեան անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն` յիշելով չինական ասացուացք մը, որ կ՛ըսէ. «Դեղը գործածել` երբ հիւանդ ես, կը նմանի հոր փորելուն` երբ ծարաւ ես»: Ան ներկայացուց բժշկութեան եւ բուժման մէջ երկու ուղղութիւններ, որոնցմէ առաջինը գլխաւորաբար կեդրոնացած կ՛ըլլայ նախազգուշական ընթացքին վրայ, իսկ երկրորդը կը յատկանշուի դեղերու գործածութեամբ: Լաւագոյնը պիտի ըլլայ այս երկուքին ներդաշնակուած օգտագործումը բուժման ընթացքին:

Դեղագործ Ռուբէն Գիւլխանճեան շարունակելով նշեց, որ կան ճարպերու տեսակներ, որոնք կենսական են եւ կը կոչուին կենսական ճարպաթթուներ: Անոնցմէ կ՛անջատուին երկու ճարպաթթուներ, զորս պէտք է ստանանք մեր ուտելիքներէն, առաջինը Օմեկա-3-ն է, երկրորդը` Օմեկա-6-ը:

Օմեկա-3 կը գտնենք յատկապէս պաղ ջուրերու ձուկերուն մէջ, որոնց կշիռքին մինչեւ 15 առ հարիւրը ճարպերէ կը բաղկանայ (սոմոն, թոն, սարտին, ռենկա): Այդ 15 առ հարիւր ընդհանուր իւղին մէջ կը գտնուի 30 առ հարիւր Օմեկա-3 եւ 2 առ հարիւր Օմեկա-6:

Օմեկա-3 կենսական ճարպաթթուները կը գտնենք նաեւ բուսական աշխարհին մէջ բարձր չափերով` կտաւատի, հնդկականեփի, լուախոտի, իսկ նուազ չափերով` ընկոյզի, ցորենի, սոյայի, շողգամի իւղերուն մէջ:

Օմեկա-6 ճարպաթթուները կը գտնենք առաւելապէս բուսական իւղերուն մէջ` եգիպտացորենի (59 առ հարիւր) , արեւածաղիկի (65 առ հարիւր) , խաղողի կուտերու (71առ հարիւր):

Երբ տուներու եւ ճաշարաններու մէջ միայն կը գործածուին օմեկա-3 ճարպաթթուները, ասիկա կը յառաջացնէ մաշեցնող հիւանդութիւններ` քաղցկեղ, շաքարախտ, սոնքութիւն, յօդային բորբոքումներ, գերզգայնութիւն եւ այլն:

Բացատրութիւնը աւելի մանրամասնելով դեղագործը ներկայացուց, թէ բջիջներու մակարդակին վրայ ի՛նչ են հետեւանքները, արտաքին եւ ներքին բջիջներու պատեաններուն վրայ:

Երբ մարմինը ճիշդ համեմատութեամբ չի ստանար այս երկու ճարպաթթուները, փոխարէնը բջիջները կ՛օգտագործեն վատ, յագեցած իւղեր` կազմելու համար իրենց պատերը եւ պատեանները` այլափոխելով բջիջներու կառոյցը եւ ուրեմն` պաշտօնը: Բջիջները պիտի օգտագործեն անդրճարպաթթուներ (թրանս Ֆաթի ասիտզ). ասիկա կ՛արգիլէ բջիջի պատեանին լպրծումը: Բջիջային մակարդակի այս խանգարումը կ՛ազդէ օրկանական մակարդակի վրայ, ազդելով յիշողութեան, տեսողութեան, կեդրոնացումի եւ արեան ճնշումի մակարդակներուն վրայ:

Անդր ճարպաթթուները (թրանս Ֆաթի ասիտզ) կը կազմուին տապկելու ընթացքին (բարձր ջերմութիւն, լոյս, թթուածին): Վատ ճարպի, անդր ճարպաթթուներու բարձր քանակը կը գտնենք մարկարինի իւղատեսակին, պաղպաղակի, ձուիկներու, փուռի եփուկներու, տապկուած գետնախնձորի եւ գունաւոր շաքարներու մէջ:

Օրինակ մը տալով դեղագործը նշեց, որ գետնախնձորը չտապկուած վիճակի մէջ կը պարունակէ 0.1 առ հարիւր իւղ, իսկ երբ տապկուի` 13 առ հարիւր իւղ:

Երկրորդ հիմնական պատճառը` կենսական ճարպաթթուները կարեւոր մէկ բաժինը կը հանդիսանան փրոսթակլանտներու կազմաւորման: Ասոնք գործօն դեր ունին բոլոր տեսակի բջիջներու պաշտօնին: Փրոսթակլանտները կը կանոնաւորեն.

– Հարթ մկաններու գործունէութիւնը:
– Ուղեղային հրահանգներու փոխանցումը:
– Մարսողութիւնը:
– Բեղմնաւորումը:
– Բորբոքումային ընթացքը:

Օմեկա-3 եւ Օմեկա-6 յարաբերականութիւնը անհրաժեշտ է ունենալու այն արդիւնքը, որ կ՛երաշխաւորէ առողջ ապրելաձեւը: Դեղագործը յայտնեց, որ անոնք պէտք է ըլլան երեքով մէկ համեմատութեամբ:

Արեւմուտքի մէջ Օմեկա-3-ի եւ Օմեկա-6-ի ոչ ճիշդ համեմատութիւնը տարիներու ընթացքին յառաջացուց բորբոքումներ, քաղցկեղի տարբեր պարագաներ եւ բարձր հոմոսիսէյիններ:

Վաթսունէ աւելի անհանգստութիւններ ուղղակի կապ ունին ճարպաթթուներու եւ իւղերու, ձէթերու օրինաչափութեան խախտումներու հետ:

Անդր ճարպաթթուներու ազդեցութիւնները եւ հետեւանքները մեր մարմնի վրայ.

ա.- Ճարպակալում- որուն պատճառով մահացողներու համեմատութիւնը բարձրացած է 13 առ հարիւրէն- 45 առ հարիւր:
բ.- Քաղցկեղ- մարմնի տարբեր անդամներու մէջ
գ.- Շաքարախտ:

Յաջորդ բաժինով դեղագործ Ռուբէն Գիւլխանճեան բացատրեց, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ կենսական ճարպաթթուներու անբաւարարութեան նշանները.

– Մորթային խանգարումներ, ջուրի առատ արտաքսում, հերաթափութիւն:
– Լեարդի եւ երիկամի աստիճանական խանգարում:
– Յաճախակի բորբոքումներ:
– Վէրքերու դանդաղ սպիացում:
– Յօդացաւեր:
– Աճումի ուշացում:

Վերջին բաժինով դեղագործը թուեց տարբեր իւղեր, որոնք վերապահուած են բուժման: Անոնք պէտք է ըլլան թարմ, պահուին մութ գոյնի սրուակներու եւ սառնարանին մէջ: Իւղեր, զորս բուժման համար կարելի է օգտագործել.

ա- Կտաւատի կամ վուշի իւղը (Ֆլեքս սիտ օյլ)
բ- Հնդկականեփի իւղը (հեմփ) :
գ- Չինական լուպիայի իւղ ( սոյա իւղ):
դ- Ընկոյզի իւղ :
ե- Ցորենի ծլաիւղ:
զ- Կարկաժի իւղը (փամփքին):
է- Լուախոտի իւղը (Սիլիյոմ):

Դեղագործ Ռուբէն Գիւլխանճեան մանրամասնօրէն եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` փոխանցելով բաւարար գիտելիքներ իւղերուն եւ մեր մարմնին վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES