«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ Եւ Փորթօ – Մալակա
«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ:
Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի, դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Ժըրոմ Պոաթենկի (կախակայուած):
Այսօրուան երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Փորթոն եւ Մալական:
Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն, Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Սէ. Միլանի, իսկ Շալքէ` Կալաթասարայի:
Վերոնշեալ չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
CATEGORIES Մարզական

