ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, վարժարաններու քննութիւններու արձակուրդէն ետք շաբաթավերջին վերադարձաւ իր յայտագիրներուն, ուր շարունակուեցան պասքեթպոլի մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, կիրակի, 17 փետրուար 2013-ին: Կիսաւարտականի մրցումները եղան բարձր մակարդակի, մասնաւորաբար տղոց զոյգ մրցումներուն ընթացքին, ուր մրցումին յաղթական խումբը յստակ չէր մինչեւ մրցումին վերջին վայրկեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցումներուն արդիւնքները եւ ընտրուած լաւագոյն մարզիկները`
99/00 ՏՂԱՔ Կ.Բ.Վ. – ՃԵՄԱՐԱՆ ի բացակայութեան 0-20
95/96 ԱՂՋԻԿՆԵՐ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ – ՃԵՄԱՐԱՆ (կիսաւարտական) 15-40
95/96 ԱՂՋԻԿՆԵՐ Ե. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ (կիսաւարտական) ի բացակայութեան 20-0
95/96 ՏՂԱՔ ԴԱՐ. ՅՈՎ. – ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ (կիսաւարտական) 57-59
95/96 ՏՂԱՔ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ե. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ (կիսաւարտական) 70-65
Մրցումներուն լաւագոյն մարզիկի մրցանակին արժանացան`
Հռիփսիմեանց – Ճեմարան` Լալիկ Աղասարգիսեան (Ճեմարան)
Դար. Յով. – Մեսրոպեան` Սուրէն Ղազար (Մեսրոպեան)
Ճեմարան – Ե. Մանուկեան` Հարօ Սողոմոնեան (Ճեմարան)
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)




