Արամ Ա. Կաթողիկոսի Միջեկեղեցական Հանդիպումները

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ունեցաւ միջեկեղեցական բնոյթի հանդիպումներ, որոնց շարքին կ՛արժէ յիշել այցելութիւնը հայր Լիոնիտ Քիչքովսքիի: Հայր Քիչքովսքի ատենապետն է «Կրօններ խաղաղութեան համար» միջազգային կազմակերպութեան, որուն նախագահներէն մէկն է վեհափառ հայրապետը: Յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ եւ անոր մաս կը կազմեն աշխարհի բոլոր կրօններէն ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու յիշեալ կազմակերպութեան առնչուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ:

Վեհափառ հայրապետին այցելեց նաեւ Պոսէի (Զուիցերիա) էքիւմենիք հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Իոն Սաուքա: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յիշեալ հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրները: Յայտնենք, որ 1970 թուականին վեհափառ հայրապետը աշակերտած է յիշեալ հիմնարկին մէջ: Արդարեւ` միջեկեղեցական շարժումի շրջանակներուն մէջ յարգանք վայելող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին առնչուած կրթական կարեւոր կառոյց մըն է յիշեալ հիմնարկը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետութեան շրջանին վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն տուած էր յիշեալ էքիւմենիք հիմնարկին` շեշտելով անոր կարեւոր դերը նոր սերունդի միջեկեղեցական կազմաւորման իմաստով:

Վեհափառ հայրապետը ընդունեց նաեւ «Միջազգային աղօթքի օր»-ուան յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Ճոն Ռոպ: Յիշեալ կառոյցը աղօթքի համաժողովրդային հաւաքներ կը կազմակերպէ աշխարհի բոլոր կողմերը` մասնակցութեամբ բոլոր կրօններուն: Դոկտ. Ռոպ եկած էր նաեւ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ունենալու ընդհանրապէս նման նախաձեռնութիւններու գծով եւ յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ նման հաւաք մը կազմակերպելու հեռանկարով: Ողջունելով կրօնական կեանքին մէջ աղօթքին յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը` վեհափառ հայրապետը իր վերապահութիւնը յայտնեց յատկապէս յիշեցնելով հետեւեալ կէտերը. Ա) Բոլոր կրօններու միասնական աղօթքը աստուածաբանական մօտեցումով լուրջ հարցեր կրնայ յառաջացնել: Պէտք է ըլլալ զգուշաւոր: Բ) Նման աղօթքի հաւաքներ երբ միայն որոշ կրօններու կողմէ կը կազմակերպուին ու մանաւանդ` միայն քրիստոնեաներուն կողմէ, կրնայ տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: Գ) Մեր հաւատարմութիւնը մեր պատկանած կրօնի ճշմարտութիւններուն գծով պէտք է այլ ձեւերով արտայայտել` հեռու մնալով հրապարակային եւ ցուցական երեւոյթներէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )