Նշմար. Ոչ Մրցակցային Եւ Մթագնած Ընտրութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

18 փետրուարին Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնը աւարտեցաւ իր շատոնց նախատեսուած արդիւնքով: Հակառակ 7 թեկնածուներու մասնակցութեան, ընտրական հոլովոյթը հետաքրքրական չէր, որովհետեւ, երկրի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութեանց ջախջախիչ մեծամասնութեան թեկնածուներուն բացակայութեան պատճառով մրցակցութենէ զուրկ էր:

Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այդ մրցակցութեան բացակայութեան եւ ատոր պատճառով ընտրութեան իմաստազրկման պատասխանատուն նաեւ ընդդիմութիւնն է, որ հակառակ ՀՅԴ-ի ջանքերուն, ձախողեցաւ միասնական թեկնածուի մը շուրջ համախմբուելով իսկական ընտրական մթնոլորտ մը ստեղծել:

Մրցակցութեան այդ բացակայութեամբ կարելի է բացատրել իշխող կուսակցութեան ընտրական կեդրոններուն մէջ իր վստահուած անձերը «մրցակիցներուն» զիջելու «վեհանձնութիւնը» եւ նախկին ընտրութիւններուն բաղդատմամբ արձանագրուած բարելաւումի դրական երեւոյթը: Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղաքական մեծ կուսակցութեանց բացակայութեան տեղի ունեցած անհամ ու կանխաւ վճռուած ընտրութեան մը մասնակցութեան բարձր համեմատութեան` այդ թիւը անհեթեթ է եւ հարցականներ կը ստեղծէ:

Մասնակցութեան այդպիսի բարձր համեմատութիւն մը թեկնածուի մը յաղթանակին «պայծառութեան» համար կարեւոր է, սակայն ոչ բաւարար: Ի վերջոյ ոչ թէ ձեւական մասնակցութիւնը, այլ իսկական մրցակցութիւնն է, որ ժողովրդավարական հոլովոյթը կ՛իմաստաւորէ, իսկ ատոր բացակայութիւնը ընտրական որեւէ արդիւնք կը մթագնէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )