Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Կապոյտ Գիրք»-ը Նամակատունով Ուղարկուած Է Թուրք Երեսփոխաններուն
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները համախմբող «Կապոյտ գիրք»-ը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարան:
Գիրքը Թուրքիոյ խորհրդարան ուղարկուած էր նաեւ չորս տարի առաջ, սակայն օրին խորհրդարանի նախագահին «խնդրանքով» զայն խորհրդարանի շէնք չէին մտցուցած:
Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուրք հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու յիշեցուցած էր չորս տարի առաջ տեղի ունեցածը: «Ուզեցին երեսփոխաններն ալ դպրոցական երեխաներու նման հեռու պահել «վտանգաւոր նիւթերէն»: Գիրքերը խորհրդարան մուտք գործել չարտօնելով տեսանք, թէ ազատութեան հետ կապուած որքան լուրջ խնդիրներ կան այնտեղ (խորհրդարանին մէջ)», ըսած է Զարաքոլու:
Ան յայտարարած է, որ չորս տարի առաջ տեղ չհասած գիրքերը այսօր դարձեալ ուղարկուած են երեսփոխաններուն` սկսելով խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքէն եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի անդամ Էրթուղրուլ Քիւրքչուէն:
Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան ներկայացուցած է գիրքը` յիշեցնելով, որ ատիկա հրատարակուած է 1916-ին, Բրիտանիոյ խորհրդարանին կողմէ` ականատեսներու վկայութիւններուն հիմամբ:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը այժմ ալ կը փորձէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մէկ մասնիկը մնալ:


