ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼԻՔ ԱՆՁԻՆ ՇՈՒՐՋ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն անմիջապէս ետք, նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Սլէյման եւ Միքաթի

Հանդիպումէն ետք Միքաթի նոյնպէս մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան նաեւ այցելած էր նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցած էր նախագահ Սլէյմանի հետ եւ մեկնած առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ վերջին ժամերուն ընթացքին արձանագրուած խորհրդակցութիւնները զարգացումներ արձանագրած են եւ կը նախատեսուի, որ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը ըլլայ մօտալուտ:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ, կը նախատեսուէր, որ ներքին գործոց նախարարութեան թնճուկը երէկ երեկոյեան լուծուէր, սակայն պէտք է նշել, որ անոր լուծումը կառավարութեան կազմութեան անմիջական կազմութիւնը չի նշանակեր:

Այս ջանքերուն առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան Վերտանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները եւ այդ առումով կատարուած վերջին խորհրդակցութիւնները:

Աւելի ուշ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է ներքին գործոց նախարար նշանակելու հանգստեան կոչուած զօրավար Մարուան Շարպելը:

 

Share this Article
CATEGORIES