Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպան. «Խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի Մուտքը Պիտի Յանգեցնէ Շրջանի Նոր Խնդիրներու»
«Երկիր» կայքէջը` յղում կատարելով իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաք-Այեն յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ խաղաղապահներու մուտքը պիտի յանգեցնէ շրջանի անվտանգութեան ապահովման նոր խնդիրներու:
Ըստ անոր, ատիկա ոչ միայն անարդիւնաւէտ քայլ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ նոր խնդիրներ պիտի ստեղծէ:
Դեսպանը նշած է, որ շրջանի երկիրները կրնան ներկայացնել տագնապի լուծման տրամաբանական տարբերակներ, նաեւ ընդգծած է, որ շրջանէն դուրս եղող երկիրներն ու կազմակերպութիւնները ճգնաժամէն դուրս գալու ուղիներ չեն կրնար ցոյց տալ:
Իրանցի դիւանագէտը կրկնած է, որ Իրան պատրաստ է խնդիրի լուծման օգնել:
CATEGORIES Հայկական