Իսրայէլ Կոլանի Մէջ Պաշտօնապէս Քարիւղի Պեղման Սկսած Է

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի շրջան այցելութեան նախօրեակին Կոլանի բարձունքին վրայ քարիւղի պեղման որոշում մը որդեգրած է:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ուժանիւթի իսրայէլեան խորհուրդը պաշտօնապէս յանձնարարեց Կոլանի մէջ քարիւղի պեղման արտօնագիր տալ «Ճինի» ընկերութեան, որուն սեփականատէրն է ծայրայեղական Մաֆտալ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Աւի Իթամ, որ ծանօթ է արաբներուն եւ մասնաւորաբար պաղեստինցիներուն ուղղած իր քննադատութիւններով:

«Մաարիւ» կը հաղորդէ, որ պեղման աշխատանքը պիտի ներառէ Կոլանի բարձունքի տարածութեան կէսը, մանաւանդ որ իսրայէլեան բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բարձրունքին վրայ մեծաքանակ քարիւղ կրնայ ըլլալ: Օրաթերթը մէջբերեց նաեւ միջազգային օրէնքի կարգ մը մասնագէտներ, ըստ որոնց, այդտեղ պեղում կատարելը ապօրինի է, որովհետեւ Կոլանը բռնագրաւուած հող է:

Սակայն Իսրայէլի մէջ միջազգային օրէնքի մեծագոյն մասնագէտներէն Եորամ Տինշթայն կը յայտնէ, որ քարիւղի պեղումը օրինական արարք է, որովհետեւ ի շահ բռնագրաւուած տարածքի բնաչութեան եւ անոնց կենսամակարդակի բարձրացման է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )