Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, սկզբունքով այսօր` շաբաթ, 23 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէր Ռիատի Պէյրութը:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ (երեկոյեան ժամը 18:00-ին), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով յետաձգուեցաւ յառաջիկայ շաբթուան:

Share this Article
CATEGORIES